«Տուն Մնա․ Երանի ես ալ Կարենամ» «Տուն Մնա․ Երանի ես ալ Կարենամ» 

Իտլիպի փախստական երեխաները մասնակցած են մարտահրաւէրին. «Տուն Մնա․ Երանի ես ալ Կարենամ»

Ըստ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի (UNICEF) զեկոյցին՝ Սուրիոյ մէջ 2014-2019թթ․ քաղաքացիական պատերազմին զոհ դարձած է աւելի քան 5000 երեխայ։

Աշխարհի մէջ մոլեգնող նոր տեսակի «քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու եւ համավարակին դէմ պայքարելու համար իրականացուող քայլերուն ծիրէն ներս՝ ողջ աշխարհի մէջ սկսած է «Տուն մնա» մարտահրաւէրը։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրիոյ մէջ արդէն 9-րդ տարին շարունակուող պատերազմին հետեւանքով փախստական դարձած երեխաները նոյնպէս միացած են այդ մարտահրաւէրին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով dha.com.tr-ը։

Մասնաւորապէս, Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի երեխաները, որոնք Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ գործող զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ անընդմէջ շարունակուող բախումներուն պատճառով ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները, այժմ կ՝ապրին փախստականներու ճամբարներու մէջ։

Հակառակ այդ պայմաններուն՝ 5-6 տարեկան երեխաները ստուարաթուղթերու վրայ անգլերէնով գրած են․ «Stay home, I wish I can» («Տուն մնա, երանի ես ալ կարենամ»)։  

Ըստ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի (UNICEF) զեկոյցին՝ Սուրիոյ մէջ 2014-2019թթ․ քաղաքացիական պատերազմին զոհ դարձած է աւելի քան 5000 երեխայ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2020, 09:49