Քորոնա ժահրի դէմ պայքար Քորոնա ժահրի դէմ պայքար 

Համահայկական ուժերու համախմբումով՝ ընդդէմ Քորոնա Ժահրի համաճարակին

Մեր բուժաշխատողները, վտանգելով սեփական կեանքը, անձնուիրաբար եւ ջանասիրաբար կ՛աշխատին հիւանդներուն օգնելու եւ ժահրի յետագայ տարածումը կանխելու նպատակով:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Քորոնա Ժահրի դէմ պայքարելու համար կոչ կ՛ուղղէ համախմբուելու եւ համայն հայութեան ներդրումով՝ աջակցելու առողջապահութեան ոլորտին։

Ստորեւ յայտարարութիւնը․  

«Նոր Քորոնա ժահրի COVID-19 համաճարակի տարածմամբ, միջազգային հանրութիւնը կը համախմբուի է եւ համապատասխան գործողութիւններ կը ձեռնարկէ: Ինչպէս քաջ յայտնի է, ճգնաժամերու ընթացքին համայն աշխարհի հայութիւնը միշտ համախմբուած է մէկ նպատակի շուրջ` օգնելու իրարու եւ իրենց հայրենիքին:

ՀՀ կառավարութիւնը եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը քաղաքացիներուն պարբերաբար թարմացուող տեղեկատուութիւն կը տրամադրէ ինչպէս ներկայ իրավիճակի, այնպէս ալ վարակի տարածման յետագայ աճը կանխելու համար անհրաժեշտ քայլերու մասին:

Մեր բուժաշխատողները եւս, վտանգելով սեփական կեանքը, անձնուիրաբար եւ ջանասիրաբար կ՛աշխատին հիւանդներուն օգնելու եւ ժահրի յետագայ տարածումը կանխելու նպատակով:

Ժահրի ցուցչական աճի հնարաւորութեամբ պայմանաւորուած` առողջապահութեան ոլորտին անհրաժեշտ է համայն հայութեան աջակցութիւնը: Այդ իսկ պատճառով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր ստացած նուիրատուութիւնները պիտի համախմբէ եւ այս նախաձեռնութեան ընթացքին հաւաքագրուած ամբողջ գումարը պիտի ուղղէ առողջապահութեան ոլորտին անհրաժեշտ բժշկական պարագաներու տրամադրման, ինչպէս նաեւ այն ընտանիքներուն, որոնք ստեղծուած իրավիճակին դիմակայելու կարիք ունին:

Նուիրատութիւններու համար այցելել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պաշտօնական կայք։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2020, 06:43