Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի երեք նոր դէպք արձանագրուած է: Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի երեք նոր դէպք արձանագրուած է: 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի երեք նոր դէպք արձանագրուած է:

Երկու հոգին ՀՀ քաղաքացի են (45 եւ 27 տարեկան), մէկը` Իտալիոյ (51 տարեկան), որ կ՝աշխատի Հայաստանի մէջ: Երեքն ալ ժամանած են Իտալիայէն:

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրի երեք նոր դէպք արձանագրուած է: Այս մասին տեղեկացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` Facebook-ի իր էջին կատարած գրութեամբ։  

«Այսօր, ցաւօք, «Քորոնա» ժահրի երեք նոր դէպք ունինք:

Երկու հոգին ՀՀ քաղաքացի են (45 եւ 27 տարեկան), մէկը` Իտալիոյ (51 տարեկան), որ կ՝աշխատի Հայաստանի մէջ: Երեքն ալ ժամանած են Իտալիայէն:

Հիմա մեկուսացնելու համար կը պարզաբանուի անոնց շփման շրջանակը, որ ըստ նախնական տուեալներու մեծ չէ:

Իտալիոյ քաղաքացին եւ ՀՀ քաղաքացիներէն մէկը գանգատներ չունին: ՀՀ քաղաքացիներէն մէկը թոքաբորբ ունի:

Հիւանդները հազիւ ժամանած՝ հաշուառուած եղած են:

Կանխատեսելով քննադատութիւնները, թէ ինչու Իտալիայէն թռիչքները դադրեցնելու որոշում չկայացուցինք, ըսեմ, որ նման հնարաւորութիւնը քանի մը  անգամ քննարկած ենք եւ եկած ակնյայտ եզրակացութեան, որ հաւանական վարակակիրները կրնան Հայաստան գալ Իտալիոյ հարեւան երկիրներէ` Ֆրանսա, Աւստրիա, քանի որ ԵՄ-ի մէջ սահմանափակուներ չեն կիրառուած:

Այսինքն` նոյն տրամաբանութեամբ պիտի փակէինք եւրոպական միւս ուղղութիւնները նոյնպէս, մանաւանդ որ «Քորոնա» ժահրը կը տարածուի նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ:

Հիմա օդանաւային ընկերութիւնները իրենք որոշած են դադրեցնել թռիչքները Իտալիայէն:

Նշեմ, որ «Golden Palace»-ի ժողովուրդը եւ առաջին ախտորոշուած հիւանդը լաւ են, գանգատ չունին:

Սիրելի հայրենակիցներ, կը խնդրեմ պահպանել հանգստութիւն եւ պահպանել «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման միջոցներու վերաբերեալ առողջապահութեան նախարարութեան խորհուրդները»,- գրած է վարչապետը:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2020, 08:00