Կանխարգելիչ եւ ախտահանիչ  դեղորայք Կանխարգելիչ եւ ախտահանիչ դեղորայք 

Սփիւռքէն Հայաստան ուղարկուեցան կանխարգելիչ եւ ախտահանիչ 1 թոն բժշկական պիտոյքներ։

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի մամլոյ ասուլիսը։

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարին խնդրանքով, «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխելու նպատակով, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին գրասենեակը կազմակերպած է 1 թոն կանխարգելիչ եւ ախտահանիչ պարագաներու ներմուծումը Հայաստան։

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։ «Վերջին 2 շաբաթուայ ընթացքում մեր գրասենեակը նոյնպէս լծուել է Սփիւռքից դեղորայքի, բժշկական պարագաների ներկրմանը։ Առողջապահութեան նախարարի խնդրանքով՝ համաճարակը վերահսկելի դարձնելու նպատակով, կազմակերպել ենք մօտ 1 տոննա կանխարգելիչ, ախտահանիչ, պաշտպանիչ, ինչպէս նաեւ բժշկական տարբեր պարագաների ներմուծում Հայաստան։ Շաբաթուայ սկզբին այդ բոլոր պարագաները Հայաստանում էին։ Այս գործընթացը շարունակական է, քանի դեռ մենք ունենք կարիքներ։ Մենք ունենք մեզ օգնելու պատրաստ բժշկական ոլորտում աշխատող անձինք, կազմակերպութիւններ, եւ, բնական է, որ պէտք է շարունակենք աշխատել եւ նմանատիպ ապրանքներ հնարաւորինս շատ հասցնենք Հայաստան», յայտնեց Սինանեան։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական բժշկական միջազգային կոմիտէին (Armenian medical international committee (AMIC), բժիշկներ Շահան Չխրդմեանին, Վիգէն Սեֆիլեանին եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին, որոնք օժանդակեցին բժշկական բոլոր պարագաները Հայաստան հասցնելու գործին։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան միջազգային գործընկերներուն կողմէ եղած օգնելու պատրաստակամութեան արտայայտութիւններու պակասը չունի։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2020, 08:20