Գիրք նուիրելու օր Գիրք նուիրելու օր 

Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի Թումանեանի ծննդեան եւ գիրք նուիրելու օրը

Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ նշուած է 2008-էն ի վեր

Փետրուար 19-ը «ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է, որ արդէն քանի մը տարի է, որ Հայաստանի մէջ կը նշուի իբրեւ Գիրք նուիրելու օր։

Ունկնդրէ լուրը

Yerkir.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի գրողներու միութիւնը, ՀՀ կառավարութեան որոշման համաձայն, իւրաքանիւր տարի Գիրք նուիրելու օրը պետական պատուէրով եւ աջակցութեամբ հրատարակուած եւ չվաճառուած գիրքերը կը բաշխեն մարզային եւ համայնքային, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Ջաւախքի գրադարաններուն միջեւ:

Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ նշուած է 2008-էն ի վեր: Այս օրը, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, կ՝իրականացուին բազմաթիւ ձեռնարկներ, գիրքեր կը նուիրաբերուին գրադարաններուն, մանկատուներուն, դպրոցներուն՝ փորձելով վերականգնել գիրքի երբեմնի նշանակութիւնը:

Նշենք, որ Փետրուար 14-ին, նշուած է նաեւ գիրք նուիրելու միջազգային օրը։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2020, 08:47