Փլատակ Հալէպը Փլատակ Հալէպը  

ԱԳ Նախարարը վերահաստատած է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակելու ՀՀ պատրաստակամութիւնը

ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Փետրուար 25-ին, հանդիպած է ՄԱԿ Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիին

ՄԱԿ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 43-րդ նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով Ժընեւ գտնուող ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Փետրուար 25-ին, հանդիպած է ՄԱԿ Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Ունկնդրէ լուրը

Նախարար Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆիլիփօ Կրանտիին ծաւալած գործունէութեան համար եւ նշած, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ գերագոյն յանձնակատարի դերը փախստականներու եւ ներքին տեղահանուածներու կարիքներու ապահովման ուղղուած ծրագրերու իրականացման գործին մէջ:

ՀՀ ԱԳՆ ղեկավարը վերահաստատած է Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը Փախստականներու համաշխարհային պայմանագրին: Երկուստէք ընդգծուած է այս նոր ձեւաչափի կարեւոր նշանակութիւնը փախստականներու խնդիրներու ուղենշման եւ անոնց լուծման ուղղուած համագործակցութեան խթանման գործին մէջ:

Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումներուն եւ Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակին՝ ԱԳ նախարարը նշած է, որ պայմանաւորուած մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանին մէջ ունեցած պատմական ներկայութեամբ եւ ներգրաւուածութեամբ՝  Հայաստանը մշտապէս ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութեան իրականացումը՝ աջակցելու Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու եւ մտահոգութիւններու հասցէագրման գործին:

Նախարար Մնացականեան իր զրուցակցին ներկայացուցած է սուրիահայերու կարիքներուն արձագանգելու եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան բարելաւման ուղղութեամբ ՀՀ կողմէ ձեռնարկուող շարունակական քայլերը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2020, 08:14