Կորոնավիրուս Կորոնավիրուս 

«Հայաստանում կորոնավիրուսով վարակուածութեան ոչ մի դէպք չունենք եւ յոյս ունեմ՝ չենք ունենայ», Փաշինեան

Ընդհանուր առմամբ, ցանկանում եմ արձանագրել նաեւ, որ որեւէ խուճապի անհրաժեշտութիւն չկայ: Այո՛, կայ խնդիր, բայց, Փառք Աստծոյ, գոնէ մինչ այս պահը Հայաստանի Հանրապետութեանը, մեզ յաջողուել է խուսափել կորոնավիրուսով հիւանդ ունենալուց, եւ յոյս ունենք, որ մեր ձեռնարկած միջոցների շնորհիւ նաեւ կը կարողանանք պահպանել այս վիճակը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովին նիստը:

Ունկնդրէ լուրը

Նիստին քննարկուեցան աշխարհի եւ շրջանին մէջ ժահրով պայմանաւորուած ընթացիկ իրավիճակը եւ Հայաստանի մէջ անոր տարածումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքները:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ներկայացուց ներկայի վիճակագրական տուեալները՝ «Քորոնա» ժահրի տարածուածութեան, հիւանդութեան տարողութեան եւ մահացութեան վերաբերեալ, անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուող միջոցառումներուն՝ Հայաստան ժամանող քաղաքացիներուն նկատմամբ իրականացուող վերահսկողութեան, Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններու գիտարուեստական պատրաստուածութեան եւ ախտորոշման համար անհրաժեշտ տարրալուծարաններու յագեցուածութեան: Միտքերու փոխանակման ընթացքին քննարկուեցան հետագայ քայլերը, որոնց կարգին՝ դրացի Իրանի մէջ ժահրի տարածման վերաբերող իրավիճակով պայմանաւորուած կատարելիքներուն:

Վարչապետը համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն:

«Ընդհանուր առմամբ, ցանկանում եմ արձանագրել նաեւ, որ որեւէ խուճապի անհրաժեշտութիւն չկայ: Այո՛, կայ խնդիր, բայց, Փառք Աստծոյ, գոնէ մինչ այս պահը Հայաստանի Հանրապետութեանը, մեզ յաջողուել է խուսափել կորոնավիրուսով հիւանդ ունենալուց, եւ յոյս ունենք, որ մեր ձեռնարկած միջոցների շնորհիւ նաեւ կը կարողանանք պահպանել այս վիճակը: Բայց, այնուամենայնիւ, կարծում եմ, որ մենք պէտք է շատ սառը, սթափ, հանդարտ վերաբերմունք ունենանք այս իրավիճակին, եւ խուճապային տրամադրութիւնների եւ լուրերի տարածումը, ի հարկէ, որեւէ կերպ խնդրի լուծմանը չի օգնում:

«Արձանագրենք նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը, Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմինն ունեն այս պահին անհրաժեշտ բոլոր տեխնիկական (գիտարուեստական-Խմբ.) միջոցները՝ ախտորոշելու հիւանդութիւնը: Եւ նաեւ արձանագրենք, որ յանձնաժողովը գործում է Յունուարի 30ից, եւ սահմանային հսկողութիւնը խստացուել է դեռեւս դրանից առաջ էլ՝ Յունուարի 24ից: Այնպէս որ, շատ կարեւոր է արձանագրել, որ մենք ոչ թէ Իրանում հիւանդութիւնների դէպքերի արձանագրման ենք արձագանգում, այլ մենք այս պրոցեսը (գործընթացը-Խմբ.) շատ աւելի շուտ ենք սկսել եւ յոյս ունենք, որ մեր աշխատանքի այս մեթոդը յետագայում նոյնպէս կը լինի արդիւնաւէտ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ նշեց վարչապետ Փաշինեան:

Մինչ այդ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ տեղադրած յայտարարութեամբ՝ զգուշացուցած է Հայաստանի քաղաքացիները Իտալիոյ մարդաշատ վայրերու մէջ գտնուելէ՝ խուսափելու համար «Քորոնա» ժահրով վարակուելու վտանգէն։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2020, 08:15