Հալէպի օդակայանը կը վերաբացուի
Այս շաբթուան ընթացքին Հալէպ-Դամասկոս, Հալէպ-Գահիրէ թռիչքները պիտի կարգաւորուին, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:
Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակին Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիսարեւմտեան գիւղերը ամբողջովին ազատագրելէն ետք, Սուրիոյ փոխադրութեան նախարար Ալի Համմուտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2020-ին, Հալէպի օդակայանը պիտի վերաբացուի եւ այս շաբթուան ընթացքին Հալէպ-Դամասկոս, Հալէպ-Գահիրէ թռիչքները պիտի կարգաւորուին, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:
Քաղուած Եռագոյնէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
18/02/2020, 09:54