ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ 

Թրամփ խոստացաւ յաւելալ հողեր «նուիրել» Իսրայէլի եւ Երուսաղէմը դարձնել անոր մայրաքաղաքը:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը եւ «Համաս»ը դատապարտեցին համաձայնութիւնը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ինտիփենտընթ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, իր կողքին ունենալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն՝ Երեքշաբթի, 28 Յունուարին հրապարակեց տարիներէ ի վեր իր փեսային՝ Ճերըտ Քուշնըրի կողմէ մշակուող Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համաձայնութեան մանրամասնութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

Հակառակ Պաղեստինեան իշխանութեան պոյքոթին, Երեքշաբթի օրուան այս արարողութեան ընթացքին Թրամփ խոստացաւ ամբողջ Երուսաղէմը դարձնել Իսրայէլի մայրաքաղաքը, որուն գծով արդէն իսկ քայլ մը առած էր՝ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հոն փոխադրելով։

Շարք մը անորոշ կէտեր պարունակող համաձայնութեան մէջ պաղեստինցիներուն կը խոստացուի մասնատուած տարածքներով պետութիւն մը, սակայն առանց բանակի, եւ մայրաքաղաքը՝ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, որուն վայրը ցարդ չէ յստակացած։

Դարձեալ առանց մանրամասնութիւններ տալու՝ Թրամփ խոստացաւ մէկ միլկիոն պաղեստինցիներու աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովել՝ պայմանով, որ անոնք դադրեցնեն բռնարարքներու դիմելու պատրաստ կազմակերպութեանց, ներառեալ՝ «Համաս»ի տրամադրուող աջակցութիւնը։

Համաձայնութիւնը նաեւ կ՛արգիլէ 1948էն ի վեր իրենց հողերէն արտաքսուած պաղեստիներուն վերադարձը եւ կը խոստանայ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ կառուցուած իսրայէլեան ապօրինի բնակավայրերուն տարածքները ճանչնալ՝ իբրեւ Իսրայէլի մէկ մասը, յատկապէս Յորդանանի հովիտին մէջ։

Պաղեստինեան իշխանութիւնը եւ «Համաս»ը դատապարտեցին համաձայնութիւնը, զայն պաղեստինցիներուն դէմ «դաւադրութիւն» որակելով եւ խոստանալով զայն ձախողութեան մատնել։ Յայտարարութեան ընթացքին նաեւ ցոյցեր տեղի ունեցան պաղեստինեան հողերուն վրայ։

Յատկանշական է նաեւ, որ Թրամփ յայտարարեց, թէ համաձայնութեան մանրամասնութեան այս ներկայացումին ներկայ եղան նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Օմանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի դեսպանները։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2020, 08:26