Նախագահ Մաքրոնը Սուրբ Երկրի մէջ Նախագահ Մաքրոնը Սուրբ Երկրի մէջ 

Նախագահ Մաքրոնը հիմնադրամ ստեղծեց ի նպաստ Մերձաւոր Արեւելքի Քրիստոնեայ դպրոցներուն։

«Երբ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները սպառնալիքի տակ են՝ Ֆրանսային պարտականութիւնն է անոնց օգնելը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց թէ ինք որոշում կայացուած է ստեղծելու Հիմնադրամ մը՝ «աջակցելու համար քրիստոնեայ դպրոցներուն, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը կազմաւորեն աւելի 400 հազար երիտասարդներ»։

Ունկնդրէ լուրը

«Բաժանումներով յատկանշուած ու ցնցուած այդ տարածաշրջանին մէջ Արեւելքի քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը կարեւոր է»  նշած է  Ֆրանսայի նախագահը Նախագահական թուիթըրեան պաշտօնական կայքին վրայ կատարած մէկ գրառումով, հաստատելով թէ «երբ անոնք սպառնալիքի տակ են՝ Ֆրանսային պարտականութիւնն է անոնց օգնելը»։

Մաքրոն սոյն յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ յետ Երուսաղէմ կատարած պաշտօնական այցելութեան, որուն ընթացքին ան այցելեց Սուրբ Երկրի Քրիստոնեաներուն, հրէաներուն եւ մահմետականներուն սուրբ վայրերը, ու հանդիպում ունեցաւ Տոմինիքան միաբանութեան հայրերուն հետ, որոնք կը մատակարարեն  Երուսաղէմի աստուածաշունչի ու հինագիտութեան դպրոցը, որ հիմնուած է 1890 թուականին։

Ի լուր յայտարարութեան՝ 1856-ին հիմնադրուած Ֆրանսական կաթողիկէ հիմնարկ՝ «Œuvre d'Orient»ի ընդհանուր տնօրէնը՝ գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշ իր գոհունակութիւնը յայտնեց նշելով որ Նախագահ Մաքրոնի որոշումը կարեւոր է  ու թէ քրիստոնեայ դպրոցներու ցանցը կ՛ուզէ ծառայել բոլորին ու իր առաքելութիւնը մատուցել տեղական համայն ժողովուրդին»։

Մինչ «Œuvre d'Orient»ի անդամ ու կամաւոր միսիոնար Շարլ Փերսոննաց նշեց որ «Հիմնադրամը պիտի օժանդակէ ուսուցիչներու կազմաւորումին ինչպէս նաեւ ֆրանսախօս կամաւորներու տարածաշրջան ուղարկումին»։

Հարկաւոր է նշել որ Քրիստոնեայ Դպրոցները  համարուած են Սուրբ Երկրի ամենակարեւոր ու անուանի դպրոցներ ու մեծապէս կը սատարեն զանազան կրօնական հասարակութիւններու միջեւ հասկացողութեան ու իրար ճանաչումի ուղիով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2020, 09:45