Ուքրանական օդանաւի ջախջախումը Ուքրանական օդանաւի ջախջախումը 

Իրանի մէջ ձերբակալուած են Ուքրանական օդանաւի յախջախման մէջ դերակատարութիւն ունեցած անձեր:

Ձերբակալուած իրանցի զինուորականներուն թիւը չի նշուիր, այլ մանրամասնութիւններ եւս չեն հաղորդուիր:

Իրանի մէջ ձերբակալուած են ուքրանական օդանաւի ջախջախման գործին մէջ դերակատարութիւն ունեցած անձեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իրանի դատական իշխանութեան ներկայացուցիչ Կոլամհոսէին Էսմայիլիին:

Ձերբակալուած իրանցի զինուորականներուն թիւը չի նշուիր, այլ մանրամասնութիւններ եւս չեն հաղորդուիր:

Յիշեցնենք, որ Իրանի իշխանութիւնները 11 յունուարին խոստովանած էին, որ ուքրանական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւը 8 յունուարին Թեհրանի մօտ սխալմամբ խոցուած է իրանեան հակաօդային հրթիռով:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2020, 08:44