Աւստրալիոյ անտառներուն հրդեհները տաքութեան ալիքին պատճառով աւելի սաստկացան: Աւստրալիոյ անտառներուն հրդեհները տաքութեան ալիքին պատճառով աւելի սաստկացան: 

Աւստրալիոյ անտառներուն հրդեհները տաքութեան ալիքին պատճառով աւելի սաստկացան:

Հրդեհները, ցարդ, պատճառ եղան առաւել քան 25 անձերու մահուան, քանդեցին 2000 բնակարաններ եւ կուլ տուին շուրջ 8 միլիոն հեկտար կանաչ տարածք (80 քառակուսի քիլոմեթր)։

Աւստրալիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ օրերէ ի վեր բռնկած եւ տագնապալի կացութիւն պատճառած անտառային հրդեհները տաքութեան ալիքին պատճառով աւելի սաստկացան։ Ասիկա կը յուշէ, որ տագնապը դէպի բարդացում կ՛ընթանայ, մինչ պատասխանատուները դիտել տուին, թէ կարգ մը շրջաններու մէջ աւերիչ աղէտին սկզբնական փուլին ականատես ենք տակաւին։

Ունկնդրէ լուրը

Զինուորականներ ուղղուեցան Քանկարու կղզիին վրայ գտնուող Պարնտանա շրջանը եւ յորդորեցին բնակիչները՝ լքելու իրենց բնակարանները, որովհետեւ հր-դեհի հսկայական ալիք մը հասած է հոն, մինչ ջերմաստիճանը շր-ջանցած է 38 աստիճանը։

Վիքթորիա նահանգին մէջ պատասխանատուները արտակարգ աղէտալի դրութիւնը երկարաձգեցին 48 ժամով՝ նախատեսելով, որ ջերմաստիճանի բարձրացումը աւելի մեծ հրդեհներ պիտի պատճառէ։ Հրշէջներու պետերը եւս նշեցին, որ յառաջիկայ ժամերը բաւական վտանգաւոր պիտի ըլլան։ Նահանգապետը յայտնեց, որ վատագոյնին պատրաստ պէտք է ըլլալ, որովհետեւ բաւական դժուար ամրան մը դէմ յանդիման կը գտնուին։

Հրդեհները, ցարդ, պատճառ եղան առաւել քան 25 անձերու մահուան, քանդեցին 2000 բնակարաններ եւ կուլ տուին շուրջ 8 միլիոն հեկտար կանաչ տարածք (80 քառակուսի քիլոմեթր)։ Մասնագէտներ դիտել տուին, որ չորութեան պատճառով ծագած հրդեհները աւելի կը սաստկանան եղանակային փոփոխութեան  պատճառով՝ վիճակը աւելի վատթարացնելով։

Վայրի բնութեան կորուստներուն մասին 9 Յունուարին արժեւորում մը հրապարակեց Սիտնիի համալսարանի մամլոյ ծառայութիւնը՝ նշելով, որ առաւել քան 1 միլիառ անասուններ ոչնչացած են ընդգրկուն անտառային հրդեհներուն իբրեւ հետեւանք: Այդ սոսկալի կորուստին մէջ կան հազարաւոր քոալաներ՝ Նոր Հարաւային Ուելզ նահանգի կեդրոնական եւ հիւսիսային ծովեզերքի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ հազուագիւտ տեսակներ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2020, 08:40