Հայաստանի քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւնը ոգեկոչեց Պաքուի ջարդերուն 30-ամեակը
Պաքուի մէջ իրականացած հայերու ջարդի 30-րդ տարելիցին առիթով` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, պետական այրերը ծաղկեպսակ զետեղած են զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:
Այս առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ անդրադառնալով ոճրագործութեան պատմականին եւ միջազգային հանրութեան հակազդեցութեան, ըսուած է. «Մարդկութեան դէմ նման յանցագործութիւններ չունին վաղեմութեան ժամկէտ:
Այսօր գլուխ խոնարհելով մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ, աւելի քան երբեւէ պէտք է գիտակցինք, որ համախմբուածութեամբ եւ միասնութեամբ, միացեալ ջանքերով պէտք է ամէն ինչ ընել` այսուհետեւ բացառելու նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը»:
Միւս կողմէ, իր հրապարակած ուղերձին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ կատարուած ոճիրին ահաւորութեան` դիտել տալով, որ պիտի չարտօնուի նման դէպքերու կրկնութիւնը:
«Այսօր մենք կ՛ոգեկոչենք Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի հայերու ջարդերու, ցեղային զտումներու եւ զանգուածային տեղահանումներու զոհերու անմար յիշատակը: 30 տարի առաջ միջազգային հանրութիւնը ականատես եղաւ ու դատապարտեց Պաքուի մէջ հայ բնակչութեան ջարդերը:
«Գլուխ խոնարհելով մեր անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ, ես ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ` հայերու բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման նոր փորձերու առիթ պիտի չտանք: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը միասնաբար պիտի ներդնեն իրենց ամբողջ ներուժը` ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքին մէջ, այդ կարգին` Արցախի մէջ», յայտնեց վարչապետ Փաշինեան:
Քաղուած «Ազդակ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ