Արամ Ա. Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոս 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նոր տարուան պատգամը. մեր դիմաց` համահայկական երեք առաջնահերթութիւններ:

Կը գտնուինք մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռադրոշմ փուլին: Եկէք իրապաշտ մօտեցումով դիտենք մեր շուրջը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Արդարեւ, անցեալէն` ապագային եւ հինէն` նորին անցնելու սա պահը մեզ կը հրաւիրէ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան եւ ապա` ապագայատեսիլ ոգիով ճշդելու մեր ազգն ու հայրենիքը առաւել հզօրացման առաջնորդող ճամբան:

Կը գտնուինք մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռադրոշմ փուլին: Եկէք իրապաշտ մօտեցումով դիտենք մեր շուրջը:

– Մեր ժողովուրդի արիւնով ազատագրուած Արցախը միշտ ենթակայ է պատերազմի վտանգին:

– Հայաստանը կարիքը ունի իր պետական կառոյցներու եւ օրէնքի գերակայութեան առաւել ամրապնդման ու տնտեսութեան զարգացման:

– Բազմազան ու այլազան մարտահրաւէրներով շրջապատուած սփիւռքը, հակառակ իր հայապահպանման ամէնօրեայ պայքարին, հետզհետէ կը գունաթափի:

Այս կացութեան դիմաց, իրաւունք չունինք յուսահատելու կամ անտարբեր մնալու: Պէտք է մերժենք պարտուողականութեան որեւէ մտածում կամ մօտեցում: Պէտք է պայքարի՛նք: Այսպէ՛ս եղած է մեր ամբողջ պատմութիւնը: Պէտք է պայքարի՛նք` հաւատքով կռանուած, յոյսով գօտեպնդուած ու միասնականութեամբ զօրացած: Այս է մեր ազգին պաշտպանութեան ամուր վահանը: Ա՛յս է մեր ազգին յաղթանակի ճամբան:

Հետեւաբար, բացուող Նոր տարուան սեմին, հաւատարիմ մեր պապերու ուխտին ու մեր պատմութեան ձայնին, եկէք, ժողովո՛ւրդ հայոց.

Առաջին, վերահաստատենք մեր անխախտ հաւատարմութիւնը` մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն եւ մեր ազգին գերագոյն իղձերուն:

Երկրորդ, հեռու մնանք ներքին բեւեռացումներ յառաջացնող մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ, եւ փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի հրամայականը դարձնենք մեր կեանքի անշեղ սկզբունքը:

Երրորդ, լծուինք սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման անյետաձգելի աշխատանքին` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի առաւել հզօրացման եւ մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման:

Ահա մեր կեանքին առջեւ բացուող համահայկական երեք առաջնահերթութիւններ: Համախմբուինք համահայկական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ:

Այս ոգիով ու տեսլականով ապրինք ու գործենք:

Ա՛յս ոգիով ու յանձնառութեամբ զիրար շնորհաւորենք ըսելով`

Շնորհաւոր Նոր տարի:

Կ՛աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ իր հովանիին ներքեւ մեր ազգն ու հայրենիքը պահէ անվթար, հիւանդներուն առողջութիւն պարգեւէ ու գործոց յաջողութիւն եւ մեր զաւակներուն կեանքը ծաղկեցնէ երկնային բարիքներով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾՒ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2020, 09:54