Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները 

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց դրամատնային համակարգը, որուն պատճառով լիբանանցիներուն իրաւունքները, յատկապէս ամսական աշխատավարձերը կ՛ոտնակոխուին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը կոչ ուղղեց անսալու լիբանանցիներու պահանջին եւ կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն պարկեշտ անձնաւորութիւններ, որոնց նպատակը կ՛ըլլայ Լիբանանը փրկել տնտեսական իր տագնապէն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց դրամատնային համակարգը, որուն պատճառով լիբանանցիներուն իրաւունքները, յատկապէս ամսական աշխատավարձերը կ՛ոտնակոխուին:

Միաժամանակ, խորհուրդը դատապարտեց դրամատուներուն դէմ գործուած յարձակումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը միշտ յարձակումի թիրախ դարձնելու լիբանանցի քաղաքացիներուն բռնարարքները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն` խորհուրդը հաստատեց, որ Լիբանանը պէտք չէ շրջանային բախումներու միջամուխ դարձնել, այլ` պաշտպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2020, 08:15