Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի աւանդական ձեռնարկ Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի աւանդական ձեռնարկ 

Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի աւանդական ձեռնարկ` «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին մէջ

Ձեռնարկին ներկայ էր հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան:

Կազմակերպութեամբ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 20 դեկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի աւանդական ձեռնարկը` մասնակցութեամբ 40 տարեցներու: Ձեռնարկին ներկայ էր հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան:

Օրուան հանդիսավար Փաթիլ Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ տնտեսական տագնապին, «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնը, միշտ մնալով տարեցներուն կողքին, այս տարի եւս կազմակերպած է Ամանորի ձեռնարկը: Փ. Մկրտիչեան առողջութիւն մաղթեց բոլորին` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ տարի աւելի լաւ եւ կայուն ըլլայ երկրին վիճակը:

«Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը անընդհատ կը կազմակերպուի 20 տարիէ ի վեր, եւ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն, որոշած են այս տարի եւս անպայման կազմակերպել ձեռնարկը: «Ուզեցինք այս տարի եւս կազմակերպել Ամանորի այս ձեռնարկը` ձեր դէմքերէն ժպիտ մը խլելու եւ ձեզ ուրախացնելու համար», շեշտեց տոքթ. Կոստան Եափուճեան:

Այնուհետեւ տարեցներուն անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց տարեց հայրիկ մը:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան ելոյթ ունենալով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, որոնք նեցուկ կանգնելով «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնին` զայն կանգուն կը պահեն: Ան շնորհաւորեց բոլորը տօնական օրերուն առիթով եւ մաղթեց առողջութիւն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում` ի պատիւ կեդրոնին մէջ 50 տարուան ծառայութիւն ունեցող Թերեզ Գարամանլեանի:

Աւարտին «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնին կողմէ նուէրներ բաժնուեցան բոլոր տարեցներուն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2019, 08:58