Ազգային Առաջնորդարանին մէջ. Լիբանանի Հայ երեք համայնքապետներու երկրորդ հանդիպում Ազգային Առաջնորդարանին մէջ. Լիբանանի Հայ երեք համայնքապետներու երկրորդ հանդիպում 

Ազգային Առաջնորդարանին մէջ. Լիբանանի Հայ երեք համայնքապետներու երկրորդ հանդիպում

Համայնքապետները կոչ ուղղեցին, որ զօրակցութիւնը անընդմէջ շարունակուի թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ Լիբանանէն դուրս ապրող հայերու նուիրեալ մասնակցութեամբ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հայ երեք համայնքապետներ` Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան երկու շաբթուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպեցան եւ քննարկեցին Լիբանանի յամեցող տագնապն ու լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Համայնքապետերը գոհունակութեամբ հաստատեցին, որ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին լիբանանահայ ընկերային, բժշկական եւ ծառայողական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ իրենց հանդիպումն ու Լիբանանի խաղաղութեան համար համատեղ կատարած աղօթքը, ինչպէս նաեւ այլ հաւաքական նախաձեռնութիւններ եւ հանդիպումներ ու կարիքաւոր հայորդիներուն ընձեռուած գործնական զօրակցութիւնը յոյսով լեցուցած են լիբանանահայութիւնը:

Համայնքապետները շնորհակալութիւն յայտնեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, Արցախի պետութեան, լիբանանահայ բարերարներուն եւ կառոյցներուն, որոնք զօրավիգ կանգնեցան յատկապէս ընկերային եւ հայեցի դաստիարակութեան մարզերուն մէջ դժուարութիւն ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ վարժարաններուն: Անոնք կոչ ուղղեցին, որ զօրակցութիւնը անընդմէջ շարունակուի թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ Լիբանանէն դուրս ապրող հայերու նուիրեալ մասնակցութեամբ:

Քաղուած  «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2019, 07:37