Գաղթականներ Գաղթականներ 

Առնուազն 7 գաղթականներ խեղդամահ եղան Վանայ լիճին մէջ

Գաղթականներուն մէջ կային Փաքիստանէն, Պանկլատեշէն եւ Աֆղանիստանէն քաղաքացիներ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- 26 Դեկտեմբերին, Վանայ լիճին մէջ, ապօրինի գաղթականներ  տեղափոխող նաւ մը շրջեցաւ, որուն իբրեւ արդիւնք խեղդամահ եղան առնուազն 7 գաղթականներ. կարելի եղաւ փրկել 64 ուրիշներ: Դէպքը պատահեցաւ Պիթլիսի նահանգի ափամերձ շրջանին մէջ: Դէպքին վայրը ղրկուեցան մեծ թիւով փրկարարներ։ Կը նշուի, որ գաղթականները ապօրինի միջոցներով տեղեփոխող յանցագործները, ոստիկանական անցակէտէ մը խուսափելու համար, գաղթականները որոշած էին մաքսանենգել՝ տեղափոխելով զանոնք Վանայ լիճի վրայով:

Գաղթականներուն մէջ կային Փաքիստանէն, Պանկլատեշէն եւ Աֆղանիստանէն քաղաքացիներ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2019, 09:49