Վարչապետ Փաշինեան Վենետիկի մէջ Վարչապետ Փաշինեան Վենետիկի մէջ 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի:

Վենետիկի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայրերուն եւ Վենետիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ միաբանութեան անգնահատելի դերակատարութեան, անոր ունեցած գիտական հսկայական ժառանգութեան:

Չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի, տեսակցութիւն ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայրերուն եւ Վենետիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Միլանոյի մէջ ան այցելեց Միլանոյի Հայ առաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, հանդիպում ունեցաւ Միլանոյի քաղաքապետին եւ տեղւոյն համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Վենետիկի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայրերուն եւ Վենետիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ միաբանութեան անգնահատելի դերակատարութեան, անոր ունեցած գիտական հսկայական ժառանգութեան:

Ապա ան խօսեցաւ սփիւռքահայութեան մասին. «Հայաստանը հայ ժողովուրդի պետութիւնն է: Ամէն հայ, անկախ անկէ եթէ կ՛ապրի Հայաստանի մէջ, թէ ոչ, պէտք է ապրի Հայաստանով», շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր կառավարութիւն պէտք է ունենայ ազգային օրակարգ:

Նիկոլ Փաշինեան այցելեց նաեւ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի, շրջագայեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան տարածքին մէջ, իսկ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զեքիեան ներկայացուց վերջին օրերուն Վենետիկի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղին հետեւանքները: Անոր համաձայն, ջուրով լեցուած են շինութեան գետնայարկերը, եկեղեցւոյ հիմքը, քանդուած է հարաւային պարսպապատը, որոշ ձեռագիրներ եւ զարդաքանդակներ վնասուած են, ափին խարսխուած «Արմենիա» առագաստանաւը բախած է կառամատոյցին, բայց լուրջ մշակութային վնաս չէ կրած Մխիթարեան միաբանութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան զօրակցութիւն յայտնեց Մխիթարեան միաբանութեան եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ անդառնալի որեւէ վնաս չկայ: «Եկած ենք մեր զօրակցութիւնը յայտնելու ջրհեղեղէն տուժած Մխիթարեան միաբանութեան, ուրախ եմ, որ անդառնալի վնաս չէ պատճառուած: Նաեւ կ՛ուզեմ հայ ժողովուրդին գնահատանքը արտայայտել Մխիթարեան միաբանութեան, որ մեր ժամանակակից կրթութեան, գիտութեան, արուեստի աղբիւրներէն մէկն է: Այն ժամանակ, երբ հայութեան ինքնութիւնը վտանգուած էր հայրենիքի մէջ, Մխիթարեան միաբանութիւնը մեր լեզուի, պատմութեան, ինքնութեան պահպանման տաճար մը դարձաւ», գրեց Փաշինեան` «Ոսկեայ մատեան»-ին մէջ:

Միլանոյի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Միլանոյի քաղաքապետ Ճուզեփփէ Սալայի հետ, ISPI միջազգային քաղաքագիտութեան հիմնարկին մէջ: Միլանոյի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար` դիտել տալով, որ Միլանոն բաց եւ միջազգային քաղաք է, եւ այդ է հիմնական տարբերութիւնը Իտալիոյ այլ քաղաքներէն:

Միլանոյի հայ առաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ վարչապետ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ նորոգուած է մարդոց հաւատքը` սեփական ուժերուն եւ սեփական երկրի ապագային նկատմամբ, դիտել տալով, որ փտածութեան դէմ պայքարը միայն կառավարութեան կամ իրաւապահ մարմիններու խնդիրը չէ, այլ նաեւ` քաղաքացիներուն: Ըստ Փաշինեանի, կարիք կայ մտածողութեան փոփոխութեան, իւրաքանչիւր անհատ պէտք է գիտնայ, որ պարտաւոր է հրաժարիլ ամէն տեսակ փտածութենէ:

Ընթացքին ազրպէյճանցի մը մուտք գործեց եկեղեցի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին հարցում ուղղեց վարչապետ Փաշինեանին, որ շեշտեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման որեւէ տարբերակ պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար:

«Ես առաջարկած եմ խաղաղութեան բանաձեւ, Իլհամ Ալիեւին ըսած եմ, որ ես Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին ղեկավարն եմ, որ յայտարարած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին համար: Ես կ՛առաջարկեմ, որ Ազրպէյճանի նախագահը նոյնպէս նման յայտարարութիւն կատարէ, քանի որ ատիկա գլխաւոր բանաձեւն ու հարթակն է մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար», պատասխանեց Փաշինեան:

Ապա վարչապետը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի պատմական ընթացքին` հաստատելով, որ Ազրպէյճան ուժի դիմած է` խլելու Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի օրինական իրաւունքը, աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը օրին ճիշդ որոշում տուաւ եւ կազմակերպեց ինքնապաշտպանութիւն, եւ ազրպէյճանցիները հասկցան, որ այդ իրավիճակին մէջ Արցախի ժողովուրդին հետ պէտք չէ ուժի լեզուով խօսիլ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ուղղեց ամբողջ աշխարհին մէջ սփռուած Հայաստանի բոլոր զինապարտ քաղաքացիներուն` վերադառնալու հայրենիք եւ ծառայելու հայոց բանակին մէջ, մանաւանդ որ բանակին վերաբերող բազմաթիւ բարեփոխումներ կը կատարուին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 08:26