Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սպիթերի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սպիթերի 

Պաապտայի մէջ. «Վատիկան կը մաղթէ, որ Լիբանան արագացնէ կառավարութեան կազմութիւնը» շեշտեց Պապական Նուիրակը

Սպիթերի յայտնեց, որ Վատիկան կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը մաղթէ, որ անոր դիմագրաւած հարցերը լուծուին:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սպիթերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով անցնող 42 օրերուն ընթացքին երկրին մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Ունկնդրէ լուրը

Սպիթերի յայտնեց, որ Վատիկան կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը մաղթէ, որ անոր դիմագրաւած հարցերը լուծուին:

«Ֆրանչիսկոս պապը կը զօրակցի լիբանանցիներուն, յատկապէս անոնց, որոնք տնտեսական ծանր տագնապ կը դիմագրաւեն», ըսաւ ան:

Գերապայծառ Սպիթերի յայտնեց, որ Վատիկան կը մաղթէ, որ Լիբանան արագացնէ կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել երկրին տնտեսական իրավիճակը եւ գոհացնող լուծումներու յանգիլ:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառ Սպիթերիի եւ Վատիկանի զօրակցութեան` ընդգծելով, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ երկրին տագնապը լուծելու աշխատանքներ ի գործ կը դրուին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2019, 07:57