Մեսրոպեանը նշեց Լիբանանի Անկախութեան տօնը Մեսրոպեանը նշեց Լիբանանի Անկախութեան տօնը 

Մեսրոպեանը նշեց Լիբանանի Անկախութեան տօնը

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ այս տարի Անկախութեան տօնը կու գայ առանձնայատուկ պայմաններու մէջ:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները Նոյեմբեր ամսու երկրորդ տասնօրեային ընթացքին զանազան աշխատանքներով անդրադարձան Լիբանանի Անկախութեան, որուն նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 20 Նոյեմբերին, վարժարանի շրջափակին մէջ:

Խմբային երգերով, ասմունքով եւ ուղերձներով Մեսրոպեանի աշակերտները յարգեցին յիշատակը Անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն, վեր բերին Լիբանանի դերն ու նշանակութիւնը համաշխարհային ընկերութեան մէջ եւ շեշտեցին անկախութեան գաղափարին կարեւորութիւնը՝ յառաջադէմ պետականութեան կերտումին մէջ:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ այս տարի Անկախութեան տօնը կու գայ առանձնայատուկ պայմաններու մէջ: Ան շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացին ունի յստակ պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ, զորս պարտի կատարել եւ իրագործել՝ յանուն պետութեան եւ ընկերութեան բարօրութեան: Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ հայրենասիրութիւնը կը սկսի փոքր թուացող գործերով, ինչպիսին է, օրինակ, հոգածութիւնը շրջակայ միջավայրին նկատմամբ կամ յարգալից վերաբերմունքը՝ ընկերութեան կեանքը կարգաւորող կանոններուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ: Ան խորհուրդ տուաւ մանաւանդ բարձր կարգի աշակերտներուն, որ լաւապէս իրազեկուին Լիբանանի դիմագրաւած բազում տագնապներուն մասին, շեշտելով, որ իմացութիւնը պայման է քաղաքացիական առողջ կեցուածքներ ունենալուն համար: 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2019, 08:18