Սուրբ Նիկողայոսի եկեղեցիէն առնուած լուսանկար Սուրբ Նիկողայոսի եկեղեցիէն առնուած լուսանկար 

Ազգային ժողովին նախագահը կ՝այցելէ Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Նիկողայոսի եկեղեցին:

Ազգային ժողովի նախագահ՝ Տիար Արարատ Միրզոեան ներկայ պիտի գտնուի Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագին:

Վատիկան

Ազգային ժողովի նախագահ՝ Տիար Արարատ Միրզոեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իտալիա կատարած  պաշտօնական այցելութեան ծիրէն, Կիրակի 27 Հոկտեմբեր 2019-ի, առաւօտեան ժամը 11:00, ներկայ պիտի գտնուին  Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագին ։ Ս. Պատարագէն ետք նախատեսուած է հանդիպում հայ համայնքի հաւատացեալներուն հետ։

Յայտնենք թէ Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցին կառուցուած է 1599 թուականին Ակոստինեան միաբանութեան վանականներու կողմէ։:

Եկեղեցին հայերուն շնորհուած է  1883-ին, երբ Հռոմի Քահանայապետ Լեւոն ԺԳ զայն նուիրեց հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան, անոր կողքի շէնքին հետ միային, որպէս աւագ նորընծայարան։ Անոր համար Վարժարանը կը կրէ Լեւոն Քահանայապետի անունը՝ «Լեւոնեան Վարժարան»։

Սուրբ Նիկողայոսի մէջ թաղուած է աշխարհահռչակ կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանը, որը 1958-ին Քահանայապետի ընտրական ժողովի ընթացքին պապական գահի գլխաւոր թեկնածուներէն մին եղած էր։ Այդ տարիներուն ան եղած է  Հաւատոյ Տարածման Ժողովի կառավարիչ ու իտալիացիներէն ճանչցուած որպէս կարմիր Քահանայապետ (Փափա Ռոսսօ)։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2019, 11:32