Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն պալատը Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն պալատը 

Ներկայացուցիչներու տունը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը:

Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 405, իսկ դէմ` 11 քոնկրեսականներ: Ձեռնապահ մնացին երեք քոնկրեսականներ, բացակայ էին 13 ուրիշներ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը երեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին ընդունեց քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի համահեղինակած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը:

Ունկնդրէ լուրը

Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 405, իսկ դէմ` 11 քոնկրեսականներ: Ձեռնապահ մնացին երեք քոնկրեսականներ, բացակայ էին 13 ուրիշներ:

Յայտնենք, թէ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբը երկուշաբթի օր հաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը` նշելով, որ անոր քննարկումը եւ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 29 հոկտեմբերի յետմիջօրէին:

Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրն նիստը բացաւ տպաւորիչ ելոյթով մը` շեշտելով, որ թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումը առիթ մըն է Ներկայացուցիչներու տան, որ յստակօրէն արտայայտուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին` յստակօրէն ընդունելով, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է:

Բանաձեւին ի նպաստ վկայութիւններ տուին քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Էլիըթ Էնկըլ եւ Քրիս Սմիթ, որոնց, նաեւ ՄըքԿավըրնին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Յանձնախումբը աւելի ուշ վաւերացուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը նաեւ շեշտելով, որ զայն որեւէ ձեւով փոխելու առիթ պիտի տրուի:

Երեքշաբթի օր, Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը վաւերացուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու յանձնախումբին որոշումը (223-191 քուէներով):

Բանաձեւը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այդ ոճիրի զոհերուն պատշաճ ոգեկոչում ապահովելու կողքին, կը շեշտէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման կտրուկ մերժումին եւ անոր դասաւանդման կարեւորութիւնը` իբրեւ նման ոճիրներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց:

Պաշտօնական Երեւանը ողջունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ:

«Կ՛ողջունեմ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին պատմական քուէարկութիւնը, որով կը ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, թիւ 296 բանաձեւը հաստատուն քայլ է յանուն ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան, որ նաեւ սփոփանք է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած միլիոնաւոր ժառանգներուն համար», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է վարչապետ Փաշինեան:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2019, 08:21