Կոմիտասն ու Յովհաննէս Թումանեանը Կոմիտասն ու Յովհաննէս Թումանեանը 

ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ՝ Կոմիտասի Եւ Թումանեանի Նուիրուած Նախաձեռնութիւններ:

Թումանեանն ու Կոմիտասը մեր հոգեւոր նկարագիրի այն բեւեռներն են, որոնց անհրաժեշտ է անդրադառնալ միշտ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ հայկական ազգային յօրինումի դպրոցի հիմնադիր Կոմիտասի 150ամեայ յոբելեաններուն առիթով թէ՛ Երեւանի, թէ՛ մարզերուն եւ թէ օտար երկիրներու մէջ բազմաբովանդակ նախաձեռնութիւններ պիտի կազմակերպուին երկու մեծերուն թողած մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը վերարժեւորելու նպատակով:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արա Խզմալեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ խօսելով Թումանեանի եւ Կոմիտասի մասին, ընդգծեց, որ անոնք մեր հոգեւոր նկարագիրի այն բեւեռներն են, որոնց անհրաժեշտ է անդրադառնալ միշտ: Անոնք պէտք է ներկայ ըլլան մեր կեանքին, մեր առօրեային, կրթական համակարգին մէջ՝ ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ յոբելեանները լաւ առիթ են նորովի վերաիմաստաւորելու հայ մեծերուն արժէքը:

«Կոմիտասին կարող ենք համարել մեր հոգեւոր զտարանը, որը մեր էութիւնը, մեր նկարագիրը մաքրեց օտարոտի տարրերից եւ թողեց ամենամաքուրը, ամենավեհը, այն, ինչ ազգը դարձնում է ազգ ու նպաստում ինքնութեան պահպանմանը», նշեց Խզմալեան:

Ան տեղեկացուց, որ 18 Հոկտեմբերին, Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգ եւ ցուցադրութիւն, որուն պիտի մասնակցի Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը: Համերգը պիտի նուիրուի Կոմիտասին, իսկ ցուցահանդէսը՝ Թումանեանի յոբելեաններուն:

«Բոլորովին վերջերս Լատուիայի ռադիօյի երգչախմբի մասնակցութեամբ մեծ յաջողութեամբ կատարուեց Կոմիտասի «Պատարագ»ը: Մեր մեծերին նուիրուած համերգային ծրագրեր են իրականացուել Լատուիայում, Էստոնիայում, Լիտուայում մեր երգչախմբերի, վերոնշեալ երկրների կոլեկտիւների մասնակցութեամբ: Կարեւորում եմ նաեւ «Հովեր» պետական կամերային երգչախմբի Գերմանիայում կայանալիք համերգները: Երգչախումբը վերջերս արական կազմով ձայնագրել է Կոմիտասի «Պատարագ»ը: Նրանք ելոյթ են ունենալու նաեւ Տաթեւի վանական համալիրում», դիտել տուաւ փոխնախարարը: Ան ըսաւ, որ դիւանագիտական օղակները պատշաճ մակարդակով պատրաստած ու կազմակերպած են այս կարեւոր իրադարձութիւնները, եւ մեր ամբողջ ներպետական կարելիութիւնները՝ մասնագիտական, ստեղծագործական եւ ֆինանսական, կը յատկացուին յաւուր պատշաճի արժեւորելու Կոմիտասն ու Թումանեանը:

Միջոցառումները պիտի չսահմանափակուին միայն համերգներով. Հ. Մալեանի անուան թատրոնը Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու հիման վրայ բեմադրուած ներկայացումներով պիտի երթայ Մոսկուա, Փարիզ եւ ելոյթ ունենայ հայ համայնքին համար: Պիտի տպագրուին գիտական եւ գեղարուեստական գիրքեր՝ նուիրուած Թումանեանին:

Հայաստանի գրեթէ բոլոր երգչախումբերը պիտի մեկնին Արցախ եւ կոմիտասեան երաժշտութեան համերգներով հանդէս գան եկեղեցական կոթողներու տարածքին ու եկեղեցիներու մէջ։

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2019, 09:48