Մեսրոպեան Վարժարանի վերամուտի Սուրբ Պատարագ Մեսրոպեան Վարժարանի վերամուտի Սուրբ Պատարագ 

Մեսրոպեան Վարժարանի վերամուտի Սուրբ Պատարագը։

Պատարագի ընթացքին աշակերտներ ներկայացուցին զանազան դիտաւորութիւններ՝ Վերամուտին առիթով:

Հոկտեմբեր 4-ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի վերամուտի Սուրբ Պատարագը, զոր մատոյց եւ որուն առիթով քարոզեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, ընթերակայութեամբ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին վարժարանի Ծիծեռնակ երգչախումբին անդամները՝ ղեկավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի:

Ունկնդրէ լուրը

Աշակերտութեան հետ միասին՝ ներկայ էին տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:

Իր քարոզին մէջ Տէր Ռաֆֆի շեշտեց երեք անհրաժեշտութիւններ. ուրախ պահել հոգին, նոյնիսկ դժուար պահերուն, որովհետեւ նման մօտեցումն է որ մեզի կ՛օգնէ վառ պահել շնորհակալութեան ոգին՝ ի տես կեանքի պարգեւին: Երկրորդ՝ սիրել մերձաւորն ու ընկերը, որովհետեւ սէրը մեծագոյն շնորհքն է տրուած մարդուն, որպէսզի ան անշեղ մնայ Աստուծոյ ճամբուն մէջ, եւ երրորդ՝ աղօթել ու միշտ աղօթել, ձգտելով միշտ մնալ Յիսուս Քրիստոսի բարեկամութեան մէջ:

Պատարագի ընթացքին աշակերտներ ներկայացուցին զանազան դիտաւորութիւններ՝ Վերամուտին առիթով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2019, 10:00