Հաճիպիս մրրիկի հետեւանքները: Հաճիպիս մրրիկի հետեւանքները: 

Ճափոնի մէջ սաստիկ մրրիկը 14 անձերու մահուան պատճառ դարձաւ

Շուրջ 9 միլիոն անձեր կը գտնուին պարտադիր տարհանումի դէմ յանդիման:

Ճափոնը պատուհասած «Հակիպիս» սաստիկ մրրիկին պատճառով 14 անձեր մահացած են, իսկ 11 ուրիշներ անյայտ կորսուած: Ճափոնի ոստիկանութիւնը առաւելագոյն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի կարենայ փրկել մրրիկին պատճառով շրջափակուած քաղաքացիները եւ զանոնք ապահով վայրեր փոխադրել:

Շուրջ 9 միլիոն անձեր կը գտնուին պարտադիր տարհանումի դէմ յանդիման: Թոքիոն, ի շարս այլ քաղաքներու, յայտարարուած է վտանգի բարձրագոյն մակարդակ դիմագրաւող շրջան: Թոքիոյի մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ 5,7 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Աննախընթաց ու երկարատեւ անձրեւներուն պատճառով տուները ողողուած են ջուրերով, մարդիկ իրենք ինքնաշարժներէն չեն կրցած դուրս գալ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած են սահանքներ, գետերն ալ յորդած են: Աւելի քան 270 հազար ընտանիք մնացած են առանց ելեկտրականութեան:

Մրրիկին կեդրոնին մէջ անոր արագութիւնը կը հասնի մինչեւ 65 մեթր/վայրկեանի: Օդերեւութաբանները «Հակիպիս»-ին ուժգնութիւնը նմանցուցին «Իտա» մրրիկին, որ խլած է  1269 մարդու կեանք:

Կառավարական աղբիւրներ նշեցին, որ 1958 թուականէն ի վեր ասիկա ամէնէն սաստիկ մրրիկն է, որ հարուածեց Ճափոնը` մանրամասնելով, որ 24 ժամուան ընթացքին տեղացած անձրեւին քանակը 939,5 միլլիմեթրի հասած է:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2019, 08:14