Հայկական տաղաւարը Հայկական տաղաւարը 

Հայկական տաղաւարը ոսկէ մրցանակի տիրացաւ նշանաւոր «Պէյճինկ Էքսփօ-2019» ցուցահանդէսին:

6 ամսուան ընթացքին ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարի այցելուներուն ներկայացուեցան հայկական արտադրութեան, միջազգային շուկաներու մէջ մրցունակ զանազան տեսակի ապրանքներ:

Հայաստան ազգային տաղաւարով ներկայացաւ 28 Ապրիլէն 7 Հոկտեմբեր Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցող Այգեգործական համաշխարհային ցուցահանդէսին, ուր 162 օր անընդմէջ լայնօրէն եւ բազմակողմանի կերպով ներկայացուած են հայկական այգեգործութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը, գինեգործութիւնը, հայկական մշակոյթը եւ պատմութիւնը, բազմիցս ցուցադրուեցան Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները ներկայացնող տարբեր տեսանիւթեր:

Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ 6 ամսուան ընթացքին ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարի այցելուներուն ներկայացուեցան հայկական արտադրութեան, միջազգային շուկաներու մէջ մրցունակ զանազան տեսակի ապրանքներ, որոնց կարգին՝ խաղողի եւ նուռի գինիներ, քոնեակ, մրգային պահածոներ, տուրմ, հայկական քաղցրեղէններ, հայկական թարմ ծիրան եւ պտուղի չիրերու տեսականի: Միջին հաշուով, Հայաստանի տաղաւարի այցելուներուն թիւը կազմած է օրական 25-30 հազար մարդ, իսկ այցելութիւններու բարձրագոյն թիւ արձանագրուած է Մայիս 2ին՝ 120 հազար մարդ:

Սեպտեմբեր 22ին, Պէյճինկի Այգեգործական համաշխարհային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ Հայաստանի անկախութեան 28րդ տարեդարձին առթիւ՝ մասնակցութեամբ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մանասարեանի, «Պէյճինկ Էքսփօ-2019»ի բիւրոյի նախագահի տեղակալ Ճաօ Լեանպանի, Չինաստանի մէջ Հայաստանի եւ այլ դեսպանութիւններու դիւանագէտներու, ցուցահանդէսի կազմակերպչական կոմիտէի, ինչպէս նաեւ գործող միջազգային տաղաւարներու տնօրէններու եւ ներկայացուցիչներու:

Հոկտեմբեր 9ին տեղի ունեցաւ «Պէյճինկ Էքսփօ-2019»ի հանդիսաւոր փակման արարողութիւն, որուն ընթացքին կայացաւ Պէյճինկի համաշխարհային պարտէզներու մրցանակաբաշխութիւնը, ուր «Հայկական տաղաւարը» նուաճեց Պէյճինկի համաշխարհային ցուցահանդէսի ոսկէ մրցանակը:

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2019, 08:25