Սուրիա Սուրիա 

ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Ալ Պաղտատի սպաննուեցաւ:

Աղբիւրին համաձայն, ամերիկեան ուժերուն նպատակը Պաղտատիի ողջ ձերբակալումն էր, սակայն ան ինքզինք պայթեցուց նախքան ձերբակալուիլը։

Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ի գիշերուան ժամը 12։30-ին, ամերիկեան-թրքական ուժերուն պատկանող 8 օդանաւեր յարձակում գործեցին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապու Պաքր ալ Պաղտատիի թաքստոցին վրայ, որ կը գտնուի Իտլիպի Պարիշա արեւմտեան շրջանին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով «Շամ Թայմզ»-ը։

Աղբիւրին համաձայն, ամերիկեան ուժերուն նպատակը Պաղտատիի ողջ ձերբակալումն էր, սակայն ան ինքզինք պայթեցուց նախքան ձերբակալուիլը։

Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով 9 մեռեալ արձանագրուած է, անոնց մէջ ըլլալով Պաղտատիի կինն ու զաւակները։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2019, 12:24