ՄԱԿ-ի խորհրդաժողով ՄԱԿ-ի խորհրդաժողով 

Հայաստան ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդի անդամ:

Սա մեր երկրի նկատմամբ միջազգային հանրութեան շատ մեծ վստահութեան վկայութիւնն է

ԵՐԵՒԱՆ. Քաղելով լուրը վարչպետ Փաշինեանի «Ֆէյսպուք»ի էջէն, «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ Հայաստան ընտրուած է ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի անդամ, 193 երկիրներու քուէարկութեամբ ստանալով 144 ձայն:

Ունկնդրէ լուրը

«Սա մեր երկրի նկատմամբ միջազգային հանրութեան շատ մեծ վստահութեան վկայութիւնն է, յատկապէս մարդու իրաւունքների պաշպանութեան հարցում: Շնորհաւորում եմ բոլորիս»,  գնահատելով կատարուած ընտրութիւնը՝ գրած է Փաշինեան:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նշած է, որ Հայաստան յանձնառու է աշխատելու եւ համագործակցելու բոլոր գործընկերներուն հետ՝ մարդկային իրաւանց օրակարգին մղում տալու համար:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2019, 07:59