Սուրիոյ մէջ կործանուած եկեղեցի Սուրիոյ մէջ կործանուած եկեղեցի 

Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ցեղասպանական արարքները դատապարտելու կոչ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդէն

ՀԱՀԽ-ն խիստ կերպով կը դատապարտէ ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ կատարուած միջազգային եւ մարդկային իրաւուքներու ոտնահարումը, այլ նաեւ քիւրտ, արաբ, եզիտի, ասորի եւ հայ փոքրամասութիւններուն դէմ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան արարքները:
Ունկնդրէ լուրը

17-18 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր տարեկան ժողովին ընթացքին Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) սերտեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին վրայ թրքական բանակի միակողմանի յարձակումը եւ անոր ահաւոր հետեւանքը շրջանի բնակիչներուն վրայ։ Ժողովի աւարտին, Գործադիր յանձնախումբը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի հետեւեալը.

«ՀԱՀԽ-ն խիստ կերպով կը դատապարտէ ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ կատարուած միջազգային եւ մարդկային իրաւուքներու ոտնահարումը, այլ նաեւ քիւրտ, արաբ, եզիտի, ասորի եւ հայ փոքրամասութիւններուն դէմ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան արարքները:

ՀԱՀԽ-ն կոչ կ՛ընէ ՄԱԿ-ին եւ միջազգային հասարակութեան՝ դատապարտելու Թուքիան՝

ա. Սոյն ապօրինի յարձակման համար, որուն զոհ դարձան բազմաթիւ մարդիկ եւ տեղի ունեցան իրերու եւ ինչքերու մեծ կորուստներ.

բ. Զինուորական ներխուժման պատճառով հազարաւոր ընտանիքներու ակամայ գաղթը.

գ. Տեղի ունեցող ցեղասպանական արարքները:

ՀԱՀԽ-ն նաեւ կոչ կ՛ընէ ՄԱԿ-ին եւ միջազգային հասարակութեան՝ անմիջական քայլեր առնել վերջ տալու համար արիւնահեղութեան, ապահովելու համար հազարաւոր գաղթականներու տուն վերադարձը եւ Սուրիոյ քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու համար:

ՀԱՀԽ-ի սրտանց աղօթքն է, որ շուտով վերահաստատուի խաղաղութիւնը»:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2019, 10:26