Ռումանիոյ խորհդարանի լուսանկարը Ռումանիոյ խորհդարանի լուսանկարը 

Ռումանիոյ ծերակոյտը հոկտեմբեր 12-ը Հայոց Լեզուի, այբուբենի եւ մշակոյթի օր հռչակելու նախագիծ ընդունած է:

Համաձայն Ռումանիոյ ներքին ընթացակարգերուն՝ օրինագիծը պէտք է նաեւ հաւանութիւն ստանայ Խորհրդարանի Ստորին պալատին կողմէ եւ ստորագրուի երկրի նախագահին կողմէ»:

Ռումանիոյ Ծերակոյտը, Սեպտեմբեր 18-ին, միաձայն ընդունած է Հոկտեմբեր 12-ը Ռումանիոյ մէջ Հայոց լեզուի, այբուբենի եւ մշակոյթի օր հռչակելու մասին օրինագիծը։

Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սերգէյ Մինասեան:

«Անիկա ներկայացուած էր Ռումանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ Վարուժան Փամպուքչեանի եւ Վարուժան Ոսկանեանի նախաձեռնութեամբ։

Համաձայն Ռումանիոյ ներքին ընթացակարգերուն՝ օրինագիծը պէտք է նաեւ հաւանութիւն ստանայ Խորհրդարանի Ստորին պալատին կողմէ եւ ստորագրուի երկրի նախագահին կողմէ»,- գրած է դեսպանը։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 08:18