Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր 

Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը` Ցեղասպանութիւններուն նուիրուած յուշարձաններու քարտէսին վրայ:

Քարտէսին ստեղծողները նպատակ ունին միջազգային հանրութեան մօտ բարձրացնել տեղեկացուածութեան մակարդակը, հասանելի դարձնել յիշողութեան վայրերը, կանխարգիլել մարդկութեան հանդէպ հետագայ յանցագործութիւնները:

Մարդու իրաւունքներու խթանման միջազգային կեդրոնը (International Center for the Promotion of Human Rights) UNESCO-ի աջակցութեամբ գործարկած է 20-րդ դարու ընթացքին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ կատարուած ցեղասպանութիւններուն, մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն, մարդկութեան հանդէպ ցուցաբերուած վայրագութիւններուն նուիրուած յիշողութեան ու յիշատակման վայրերու յուշարձաններու փոխազդեցիկ )interactive) քարտէս:

Ունկնդրէ լուրը

Ինչպէս կը յայտնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն, յիշատակի քարտէսին վրայ տեղ գտած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը` 1967-ի բացման, յիշատակման ձեռնարկներու լուսանկարներով:

Երկու լեզուով` անգլերէն եւ սպաներէն գործող կայքի միջոցով ստեղծողները ու անոնց գաղափարակիցները նպատակ ունին միջազգային հանրութեան մէջ բարձրացնել տեղեկացուածութեան մակարդակը, հասանելի դարձնել յիշողութեան վայրերը, կանխարգիլել մարդկայնութեան հանդէպ գործուած յետագայ յանցագործութիւնները:

Քաղուած «Երագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2019, 08:43