Մխիթարեան Վարժարան Մխիթարեան Վարժարան 

Մխիթարեան Վարժարանի 2019- 2020 ուսումնական տարեշրջանի Վերամուտ:

Հայր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան իր սրտի ջերմ խօսքերով բարի գալուստ յայտնեց Մխիթարեան Վարժարանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն ինչպէս նաեւ օրհնաբեր ուսումնական տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին:

Չորեքշաբթի 25 Սեպտեմբեր առաւօտուն, Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի կրթահամալիրէն ներս, ուրախալի մթնոլորտի մը մէջ, մանուկներու հրճուանքով եւ օրհնաբոյր աղօթքներով 2019- 2020 ուսումնական տարեշրջանը սկսաւ առաջին զանգով:

Ունկնդրէ լուրը

Վարժարանիս Տնօրէնուհին՝ Տիկին Մէյրի Կիւրիւնլեան ողջունեց աշակերտները եւ ծնողները. ապա Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի մեծաւոր՝ Հայր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան իր սրտի ջերմ խօսքերով բարի գալուստ յայտնեց Մխիթարեան Վարժարանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն ինչպէս նաեւ օրհնաբեր ուսումնական տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին:

Աշակերտները իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ դասարան բարձրացան, ուր ուսուցիչները ներկայացուցին տեսերիզ մը որուն ընդմէջէն Մխիթարեան Միաբանութեան նպատակն ու հեռանկարները կը ցուցադրուէին:Մինչ, մանկապարտէզի մէջ աշակերտները իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ նախաճաշ պատրաստեցին ու համտեսեցին, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքի պահէն ետք մանկապարտէզի ուսուցիչները ներկայացումով մը հանդէս եկան: Ապա պարեցին, խաղացին եւ դէմքերը գծեցին:

Արդարեւ, ծնողները իրենց հարազատներէն բաժնուելով իրենց կարգին հերթաբար հանդիպում մը ունեցան Մեծաւոր Հօր՝ Հայր Մեսրոպ Սիւլահեանի հետ, վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկին Մէյրի Կիւրիւնլեանի եւ Մանկապարտէզի պատասխանատու՝ Տիկին Սիպիլա Մալեանի եւ վարժարանիս Հոգեբան՝ Տիկին Լենա Պաղտոյեանի հետ: Վերջինիս շինիչ ներկայացումին ընդմէջէն ծնողներուն փոխանցուեցաւ յատուկ թելադրանքներ, որոնց միջոցաւ ծնողք- աշակերտ եւ վարժարան համագործակցութեան շնորհիւ երրորդ հազարամեակի լաւագոյն ղեկավարները պիտի պատրաստուին:

Աշակերտները իրենց առաջին օրը աւարտեցին ճոխ խաղերով եւ հաճելի ժամանցով ինչպէս նաեւ անոնք ծանօթացան Մխիթարեան Միաբանութեան Պատմութեան եւ ամրապնդեցին իրենց պատկանելիութիւնը որպէս Մխիթարեանականներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2019, 09:00