Ծիծեռնակաբերդ Ծիծեռնակաբերդ 

Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին կը նախատեսուի 105 դաշնամուր տեղադրել Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Հայաստան ժամանած 105 երաժիշտ պիտի կատարէ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները սիմֆոնիկ նուագախումբին նուագակցութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին՝ «Դարի ղօղանջ» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ՝ կը նախատեսուի Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ դէպի անմար կրակ տանող ճանապարհի երկու կողմը տեղադրել 105 Royal դաշնամուր: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Ունկնդրէ լուրը

Այդ օրը, աշխարհի տարբեր երկիրներէ, Հայաստան ժամանած 105 երաժիշտ պիտի կատարէ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները սիմֆոնիկ նուագախումբին նուագակցութեամբ:

«105 Royal» նախագիծին ծանօթանալէ ետք՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի» հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան գրած է նախագիծի հեղինակ Արթուր Յովհաննիսեանին` նշելով, որ կ՝ողջունէ ցանկացած ողջամիտ նախաձեռնութիւն, որ ուղղուած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի հասարակական հնչեղութեան ապահովման:

«105 Royal» նախագիծի յստակ եւ մանրամասն ծրագրի, ինչպէս նաեւ իրագործման համար անհրաժեշտ գումարներու առկայութեան պարագային, երբ յիշեալ նախաձեռնութեան իրականացումը այլեւս հաւանական դառնայ, թանգարան-հիմնարկի ղեկավարութիւնը չ՝առարկեր դաշնամուրներու ժամանակաւոր տեղադրման յուշահամալիրի տարածքին՝ պայմանով, որ որեւէ վնաս չհասցուի կանաչ գօտիին եւ ընդհանրապէս յուշահամալիրի տարածքին»,- նշուած է գրառման մէջ:

Նախագիծի իրականացման պարագային՝ Ապրիլ 25-ի առաւօտեան՝ «Դարի ղօղանջ» բարեգործական հիմնադրամին առաջարկով եւ բարերարներու համաձայնութեամբ՝ դաշնամուրները պիտի նուիրուին Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու երաժշտական դպրոցներուն:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2019, 08:20