Իտլիպէն առնուած լուսանկար Իտլիպէն առնուած լուսանկար 

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան ահազանգը «Սուրիոյ մէջ 17 օրուան ընթացքին ամէ օր մէկ մանուկ մը սպաննուած է»:

17 օրուան ընթացքին 17 մանուկ սպաննուած են եւ գրեթէ 40,000 անձ ստիպուած իրենց բնակարաններէն տեղափոխուած են այլուր:

ՄԱԿ-ի մանուկներուն պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը ահազանգ հնչեցուցած է այն մասին որ վերջին հետազօտական տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ մէջ 17 երկարող օրերուն ամէն օրէ սպաննուած է մէկ մանուկ մը:
Յայտնենք որ ՄԱԿ-ի վերոնշեալ կազմակերպութիւնը աւելի քան 100 տարիէ ի վեր պայքար կը մղէ մանուկներու փրկութեան ի խնդիր, ապահուելով անոնց ապահով ապագայ մը:

Ունկնդրէ լուրը

Մանուկներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է այն առումով որ Սուրիոյ մէջ հրթիռակոծումներուն հետեւանքով, հիւանդանոցներէն եւ բուժարաններէն ինչպէս նաեւ իրենց օճախներէն տեղահանուած եւ այլուր փոխադրուած են աւելի 70 000 անձ: Արբանեակէն ստացուցած պատկերներուն համաձայն,  վերջերս Սուրիոյ մէջ աւելի քան 17 գիւղաքաղաքներ գրեթէ փլատակ եղած են ներառեալ բնակարաններ ու հիւանդանոցներ:

«Խորապէս մտահոգ ենք Իտլիպի մէջ մանուկներուն սպառնացող վտանգներուն համար: Մանուկները թիրախ են ռմբակոծումներուն եւ բռնութիւններուն: 17 օրուան ընթացքին 17 մանուկ սպաննուած են եւ գրեթէ 40,000 մանուկներ ստիպուած իրենց բնակարաններէն տեղափոխուած են այլուր:» Այս մասին նշած է ՄԱԿ- մանուկներուն պաշտպանութեան կազմակերպութեան Սուրիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Տիկին Սոնիա Քուշը, աւելցնելով որ Սուրիոյ մէջ դպրոցները եւ առողջապահական կառոյցները փակ են պատերազմները կը շարունակուին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2019, 15:03