Գերզմանէ առնուած լուսանկար Գերզմանէ առնուած լուսանկար 

Անտոնեան միաբանութեան անդամ հայր Էլի Նաժժար սպաննուած գտնուեցաւ:

Հայր Էլի Նաժժար 2016-էն ի վեր կ՛ունենայ կռնակի սուր ցաւեր, որոնց պատճառով երբեմն անոր շարժումները կանգ կ՛առնեն:

Երէկ՝չորեքշաբթի, 7 յուլիսին, առաւօտեան, Անտոնեան միաբանութեան անդամ հայր Էլի Նաժժար Մար Շաայա վանքի իր սենեակին մէջ սպաննուած գտնուեցաւ:

Մար Շաայայի քաղաքապետ հայր Էլի Նաժժարի սպանութեան մասին բացուեցաւ հետաքննութիւն, որուն նախնական արդիւնքներուն համաձայն շեշտուեցաւ, որ ան գլուխէն ստացած է փամփուշտ մը:

Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ հայր Էլի Նաժժարի դիակին մօտ գտնուած է թուղթ մը, որուն վրայ գրուած է. «Ներեցէ՛ք ինծի»:

Կարգ մը աղբիւրներ նշեցին, որ հայր Էլի Նաժժար 2016-էն ի վեր կ՛ունենայ կռնակի սուր ցաւեր, որոնց պատճառով երբեմն անոր շարժումները կանգ կ՛առնեն:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ վերջին ժամանակաշրջանին հայր Նաժժար հոգեկան որոշ խանգարումներ ունեցած էր` հետզհետէ վատթարացող իր առողջութեան պատճառով:

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան ապահովական կառոյցներէն պահանջեց արագացնել հետաքննութիւնները եւ բացայայտել հայր Նաժժարի մահուան հետ կապուած ճշմարտութիւնները:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2019, 12:38