Ռաի Պատրիաքը Ռաի Պատրիաքը 

Նախագահ Աուն Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

Պատրիարքը նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկրին տնտեսական կացութիւնը, որուն հետեւանքներէն կը տուժեն բոլորը:

Չորեքշաբթի, 21 օգոստոսին, Նախագահ Աուն  Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Պէյթէտտինի մէջ կայ պայծառութիւն եւ պատմութիւն: «Ճի՛շդ է, որ Պաապտա ունի իր տեղն ու կշիռը, սակայն Պէյթէտտին իր կարգին ունի իր արժէքն ու պատմութիւնը, անկախ անկէ, որ Լեռնալիբանանի մէջ կը գտնուինք», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց նախագահ Աունը Պէյթէտտինի ամարանոց բարձրանալու առիթով, որովհետեւ Լեռնալիբանանի մէջ անիկա ստեղծած է լարուածութենէ հեռու գեղեցիկ մթնոլորտ մը:

«Նախագահ Աունի Լեռնալիբանան այցելութիւնը կարեւոր է, որովետեւ ան հանրապետութեան նախագահն է, եւ հաստատած է, որ Լեռնալիբանանը կ՛ապրի իր միասնականութեամբ` տիւրզի, քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն միջեւ: Նախագահ Աունի Լեռնալիբանան կեցութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ կը մարմնաւորէ Լեռնալիբանանի պատմական հաշտութիւնը», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկրին տնտեսական կացութիւնը, որուն հետեւանքներէն կը տուժեն բոլորը:

«Նախագահ Աուն յայտնեց, որ տնտեսական թղթածրարին մասին օրական քննարկում կը կատարուի, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ տնտեսական թղթածրարը պիտի ըլլայ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին առաջին կէտը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը նաեւ ընդգծեց, որ սահմանադրութեան թիւ 95 յօդուածը այն կէտերէն է, որ պէտք է առանց տարակարծութեան գործադրուի: «Սահմանադրութեան գործադրութիւնը պէտք է ամբողջական ըլլայ եւ ոչ ընտրովի», շեշտեց ան:

Ռայի պատրիարքը ըսաւ, թէ սահմանադրութեան թիւ 95 յօդուածը յստակ է, եւ զարմանք յայտնեց անոր գործադրութեան առումով բարձրացած աղմուկին առնչութեամբ: «Մենք պէտք է աշխուժացնենք տնտեսապէս սպառնալիքներու տակ գտնուող երկիրը: Տնտեսական ճգնաժամը ինքզինք կը պարտադրէ, լիբանանցիներուն մէկ երրորդը անգործ է, եւ կը գտնուինք տնտեսական ու ընկերային աղէտալի կացութեան դիմաց», հաստատեց Ռայի պատիարքը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը հիմնական է եւ պէտք է մշակուի, որովհետեւ անիկա Լիբանանի համար կենսական անհրաժեշտութիւն կը նկատուի:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2019, 09:55