Մահապատիժ Մահապատիժ 

Րաբունապետ Փերթման.«Կաթողիկէ եւ հրեայ երկու կրօնները դէմ են մահապատիժին:»

«Մեր երկու կրօնական աւանդութիւնները՝ կաթողիկէ եւ Հրեայ վճռականապէս դէմ են մահապատիժին »

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Միացեալ Նահանգներու մէջ Րաբունապետ Ժոնհաթան Փերթման, նամակ մը գրած է ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարարին որուն մէջ հաստատած է, թէ ըլլայ Հրեայ ըլլայ Կաթողիկէ երկու կրօնական աւանդութիւնները՝ դէմ են մահապատիժին:

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք, թէ անցեալ տարի 2018 թուականին հոկտեմբեր 27-ին, Միացեալ Նահանգներուն Փիսթպուրկ քաղաքին մէջ հրացանաձգութեան մը հետեւանքով արձանագրուեցաւ 11 զոհ, որոնց շարքին Րաբունապետ ժոնհաթան Փերթմանը:

Ահաբեկչական արարքը վերապրած Րաբունապետ ժոնհաթան Փերթման Միացեալ Նահանգներուն արդարադատութեան նախարար Վիլիամ Պարիին յղած նամակին մէջ, անդրադառնալով նախարարին դաւանած կրօնքին որ է կաթողիկէ, նամակի մէջ գրած է
«Մեր երկու կրօնական աւանդութիւնները՝ կաթողիկէ եւ Հրեայ վճռականապէս դէմ են մահապատիժին »: Րաբունապետը ապա նախարարէն խնդրած է , որ ցմահ բանտարկութեամբ պատժեն ահաբեկչութեան հեղինակը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2019, 13:17