Հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ համահայկական 7րդ ամառնային խաղերուն Հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ համահայկական 7րդ ամառնային խաղերուն 

Հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ համահայկական 7րդ ամառնային խաղերուն

Մարզախաղերու բացումը պաշտօնապէս յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ պաշտօնապէս եւ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերուն, Ստեփանակերտի քաղաքային մարզադաշտին մէջ:

Ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ, մեծաթիւ սփիւռքահայեր, հայաստանցիներ եւ արցախցիներ։

Այս առիթով պատրաստուած էր գեղարուեստական ճոխ ու յատուկ յայտագիր մը։ Մասնակցողները՝ երկիր առ երկիր տողանցեցին, կատարուեցաւ հրավառութիւն, բարձրացան Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, հնչեցին Հայաստան-Արցախ¬Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամուր պահելու կոչեր։

Խաղերուն կը մասնակցին 5000 մարզիկներ աշխարհի 145 քաղաքներէ: Մրցումներուն մէկ մասը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մէջ, իսկ միւսը՝ Երեւանի։

Բացման հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան Համահայկական 7րդ խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

Նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ խաղերու բացումը Արցախի մէջ կատարելու ոորշումը առնուած էր 2016ի Ապրիլեան պատերազմէն ետք:

Մարզախաղերու բացումը պաշտօնապէս յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք անպարտելի ենք, երբ միասնական ենք», յայտարարեց Փաշինեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2019, 12:37