Քայլ դէպի տուն Քայլ դէպի տուն 

Հարիւրաւոր սփիւռքահայ պատանիներ կը մասնակցին «Քայլ Դէպի Տուն» ծրագիրին:

Ծրագիրին շնորհիւ, պատանիները առիթը պիտի ունենան ճանչնալու նաեւ Հայաստանը՝ այցելելով պատմամշակութային յուշարձաններ, հանդիպելով մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ:

1 Յուլիսէն 25 Օգոստոս, «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրով աշխարհի զանազան ծայրերէն՝ Ֆրանսայէն, Պրազիլէն, Զուիցերիայէն, Կիպրոսէն, Իրանէն, Ռուսիայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ Հայաստան եկած հարիւրաւոր պատանիներ՝ Գրողներու Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան մէջ՝ կարելիութիւն կ՛ունենան կատարելագործելու մայրենիի իմացութիւնը՝ հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներու միջոցով:

Ծրագիրին շնորհիւ, անոնք առիթը պիտի ունենան ճանչնալու նաեւ Հայաստանը՝ այցելելով պատմամշակութային յուշարձաններ, հանդիպելով մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ:

Ծրագիրին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յուլիս 29-ին, Ծաղկաձորի մէջ:

«Մասնակիցներուն կը սպասէ հիւրընկալ հայրենիքը: Պիտի իրականացուին բազմաթիւ ծրագիրներ, պիտի կազմակերպուին ծանօթութիւններ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայրենակիցներու հետ: Կը նախատեսուին ճանաչողական այցեր պետական եւ մասնաւոր կրթական հաստատութիւններ», նշեց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:

Ան ընդգծեց, որ իրենց գլխաւոր նպատակը Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն է:

Ըստ ծրագիրի գործընկեր «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեանի՝ իրենք հետաքրքրական կրթական ծրագիրներ մշակած են, նկատի ունենալով մասնակցողներուն տարիքը եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակը:

«Դասերը ստեղծագործական մթնոլորտի մէջ պիտի անցնին եւ ամթն ինչ պիտի ընենք, որ երեխաները չձանձրանան ու սիրով սորվին», նշեց Յովհաննիսեան:

Ծրագիրը պիտի իրականացուի երկու փուլով: Առաջին փուլին պիտի մասնակցին 209, իսկ երկրորդ փուլին՝ 190 պատանիներ: Նախաձեռնութեան բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ այս ծրագիրին իրականացման համար պիւտճէէն յատկացուցած է 86 միլիոն դրամ:

«Ուրախ եմ տեսնելով ձեզ այստեղ եւ յուսով եմ, որ ասիկա պիտի ըլլայ ձեր առաջին եւ ոչ վերջին քայլը դէպի հայրենիք: Դուք պիտի կապուիք ձեր հայրենիքին հետ եւ վստահ եմ՝ պիտի պահէք այդ կապը: Եւ օր մըն ալ պիտի գաք ու մշտական բնակութիւն հաստատէք Հայաստան։ Յիշեցէք՝ Հայաստանը ձեր բոլորի տունն է, ուր որ ալ ապրիք: Այս երկիրը ունի ձեր կարիքը, եւ մենք միշտ պիտի սպասենք ձեզի հայրենիքի մէջ», բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարեց Զարեհ Սինանեան:

Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի մասնակցողները ոչ թէ կը հիւրընկալուին հայաստանցի ընտանիքներու կողմէ, այլ կը մնան ճամբարներու մէջ:

Քաղուած Եռագոյնէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2019, 08:30