Լեւոն Շանթի երկերուն ամէնէն հին ու Ամէնէն նոր հրատարակութիւնները Լեւոն Շանթի երկերուն ամէնէն հին ու Ամէնէն նոր հրատարակութիւնները 

Ազգային գրադարանին մէջ ցուցադրուեցան Լեւոն Շանթի երկերուն ամէնէն հին ու Ամէնէն նոր հրատարակութիւնները

Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Յուլիս 15-ին՝ գրադարանին պետական կարգավիճակ ստանալուն 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

Գրող, մանկավարժ, պետական եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթի  150-ամեակին առիթով Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ ներկայացուեցան հեղինակին երկերու ժողովածուները, թարգմանութիւնները եւ անոր նուիրուած աշխատութիւններ:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Յուլիս 15-ին՝ գրադարանին պետական կարգավիճակ ստանալուն 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

«Շանթ ծնած է Թումանեանի հետ, ապրած Իսահակեանի չափ»,- ըսաւ գրականագէտ, գրաքննադատ Արքմենիկ Նիկողոսեան՝ նկատել տալով, որ կենսագրական այս զուգահեռները պատահական համընկնումներ չեն.  Շանթին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը սերտ աղերսներ ունին երկու հայ մեծերուն հետ:

«Կարեւոր ցուցադրութիւն է: Կը կարծեմ՝  նման նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան Ազգային գրադարանին մէջ: Եթէ նոյնիսկ մէկը  ինչ-որ նոր բան քաղէ  ցուցադրութիւններէն, կրնանք  ըսել յաջողած համարել զանոնք»,-  ըսաւ Նիկողոսեան՝ աւելցնելով, որ իրեն համար, օրինակ, բացայայտում էր, որ Շանթը թարգմանած է Վոյնիչի «Բոռը»:

Գրականագէտը Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին կողմէ գրադարանին նուիրեց Լեւոն Շանթի երկերու ժողովածուին վերջին 5 հատորները եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի ազգային գրադարանը գիրքերու ամէնէն յուսատու պահեստանոցն է:

Ցուցահանդէսին ներկայ էր նաեւ քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Լեւոն Շիրինեան: Ան անդրադարձաւ Լեւոն Շանթ քաղաքական գործիչին գործունէութեան՝ նշելով, որ ցուցադրութիւնը լաւ առիթ է  Շանթի դերը անգամ մը եւս արժեւորելու եւ անոր գրական ու քաղաքական գործունէութիւնը  երիտասարդներուն ծանօթացնելու:

Այնուհետեւ գրադարանի շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Լեւոն Շանթի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ժապաւէն մը։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2019, 08:30