Բարեկամութեան միջազգային օր Բարեկամութեան միջազգային օր 

Այսօր բարեկամութեան միջազգային օրն է:

ՄԱԿ-ն այդ օրը նշելու որոշում կայացուցած է 2011 թուականի ապրիլին տեղի ունեցած 65-րդ համագումարի ժամանակ:

Այսօր աշխարհի մէջ կը նշուի բարեկամութեան միջազգային օրը: Այս օրը  ամենաերիտասարդ տօներէն մին է տրուած ըլլալով որ ՄԱԿ-ը այդ օրը նշելու որոշում կայացուցած է 2011 թուականի ապրիլին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի  65-րդ համագումարի ժամանակ:

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ը պետական ձեռնարկութիւններուն ու գերատեսչութիւններուն, ինչպէս նաև միջազգային և տարածաշրջանային կառոյցներուն առաջարկած է այս օրը նշել համապատասխան ամէն մէկ երկրի աւանդոյթներուն:

Այս առթիւ որդեգրուած բանաձեւին մէջ շեշտուած է ժողովուրդներու միջև բարեկամութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը: «Ժողովուրդներու, պետութիւններու, մշակոյթներու ու առանձին անհատներու միջև բարեկամութիւնը կարող է ոգեշնչել աշխարհի խաղաղութեան ապահովման հարցը և հնարաւորութիւն տալ կամուրջներ կառուցել հասարակութիւններու միջև, որոնք կը յարգեն մշակութային բազմազանութիւնը», – նշուած  է փաստաթղթին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2019, 08:45