Ազգային  Մեսրոպ Մաշտոց մատենդարանը Ազգային Մեսրոպ Մաշտոց մատենդարանը 

16 Երկիրներէ Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ ուսուցիչները պիտի վերապատրաստուին պատմական հայրենիքի մէջ

Այս տարի ծրագիրին մասնակցելու համար դիմած 80 ուսուցիչէն կը մասնակից 61-ը` 16 երկիրներէ։

Խ. Աբովեանի անուան Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ Յուլիս 1-ին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ամենամեայ դասընթացներու մեկնարկի արարողութիւնը:

«Դուք Սփիւռքի մէջ հայերէնի գլխաւոր պահապաններն էք եւ ամէն անգամ Հայաստան գալով եւ նոր մեթոտներ տանելով սփիւռքի մեր համայնքներ` աւելի կ՛ուժեղացնէք ձեր կրթական հաստատութիւններու դիրքն ու դերը: Մենք այս վերապատրաստումներով կը ձգտինք ստեղծել հայերէնի դասաւանդման եւ ընդհանուր հանրակրթութեան մէկ դաշտ»,- ըսած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ այժմ կը քննարկեն հայագիտութեան զարգացման նոր փաստաթուղթ, որու ծիրէն ներս հայագիտական առարկաներու դասաւանդման աւելի կարեւորութիւն պիտի տրուի:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան նշած է, որ այդ ուսուցիչներու մէջքին «կանգնած է ամբողջ պետութիւն մը»:

«Ձեր աշխատանքի կարեւորութեան, կշիռի եւ անհրաժեշտութեան մասին տեսականօրէն չեմ խօսիր. իմ չորս երեխաները հայեցի կրթութիւն ստացած են եւ կը ստանան սփիւռքի մէջ, մինչեւ հայրենադարձուիլը: Այնպէս որ, գիտեմ` ինչպիսի զոհողութիւններու շնորհիւ կը կատարուի ատիկա»,- նշած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը:

Այս տարի ծրագիրին մասնակցելու համար դիմած 80 ուսուցիչէն կը մասնակից 61-ը` 16 երկիրներէ։

Մասնակից երկիրներն են` ԱՄՆ, ԱՄԷ, Աւստրալիա, Գերմանիա, Դանիա, Իսրայէլ, Իրան, Իրաք, Լիտուայ, Լեհաստան, Ռուսաստան, Սուրիա, Ուքրանիա, Վրաստան, Ֆրանսա:

Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման մէկամսեայ ծրագիրը կը գործէ 2000-էն ի վեր։

Քաղուած Եռագոյն կայքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2019, 10:26