Փախստականներու միջազգային օր։ Փախստականներու միջազգային օր։ 

Փախստականներու միջազգային օր։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր ժողովի որոշմամբ 2000-ին՝ Յունիս 20-ը ընդունուած է իբրեւ Փախստականներու միջազգային օր:

Վատիկան

Տարիներ շարունակ տարբեր երկիրներ ունեցած են փախստականներուն նուիրուած իրենց յիշարժան օրերը: Ամենայայտնիներէն մէկը կը համարուէր շարք մը երկրիներու մէջ Յունիս 20-ին նշուող ափրիկեան փախստականներու օրը: 2000-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլէան, ցոյց տալով իր զօրակցութիւնը Ափրիկէին, ուր մեծ թիւով փախստականներ կային, միաձայն որոշում ընդունեց Յունիս 20-ը ամէն տարի իբրեւ Փախստականներու միջազգային օր նշելու մասին:

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք որ ՄԱԿ-ի Փախստականներու գրասենեակը կ՛ընդգծէ, որ աշխարհի մէջ, բռնութիւնը ամէն օր կը ստիպէ հարիւրաւոր մարդոց փախչելու սեփական տուներէն, այս պայմաններուն մէջ առաւել կարեւոր է միջազգային հանրութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը:

Յայտնենք նեաւ որ Ֆրանչիսկոս Պապ, անցեալ կիրակի օր, Քամերինօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս գլխաւորած Հրեշտակ Տեառն աղօթքի ընթացքին,  ուզեց յատուկ կերպով յիշել ապաստանեալները, անոնց նուիրուած ՄԱԿ-ի համաշխարհային օրուան առթիւ։

«Այս տարեդարձը կը հրաւիրէ բոլորս զօրակցութեան՝ պատերազմներէ, հալածանքներէ, ու հիմնական իրաւունքներու խախտումներէ փախուստ տուող մարդոց, կիներու ու մանուկներուն նկատմամբ։ «Մեր եկեղեցական ու քաղաքացիական հասարակութիւնները անոնց մօտիկ թող ըլլան եւ ուշադիր ըլլան անոնց կարիքներուն ու տառապանքին» ըսաւ ապա Քահանայապետը:   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2019, 09:11