Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի “Ալիս Ներկիզեան” մանկամսուրի տարեկան հանդէսը :

Տարեկան հանդէսէն ետք Մեսրոպեանի մանկամսուրին համար կը սկսի նոր տարեշրջան՝ ընդլայնուած ծառայութիւններով:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի “Ալիս Ներկիզեան” մանկամսուրի տարեկան հանդէսը առիթ հանդիսացաւ, որվարժարանի տնօրէնութիւնը յայտարարէ մանկամսուրի ծառայութիւններու ընդլայնման եւ նոր ծրագիրներու մասին, որոնքգործադրութեան պիտի դրուին մի քանի ամիսէն` յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ:

Մանկամսուրի հանդէսը տեղի ունեցաւ 30 Մայիս 2019ին, Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ ծնողներու,վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմի անդամներուն եւ մեծաթիւ բարեկամներու: Հանդիսավարն էր տիկին ՄարալՀարպոյեան:

Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան Քեշիշեանգոհունակութիւն յայտնեց, որ տարին բոլորեցաւ բարեյաջող եւ անձնակազմը կարողացաւ կատարել տարեկան ծրագիրը՝ամբողջութեամբ: Այս յաջողութեան մէջ ան կարեւորեց ծնողներուն հետ գործակցութիւնը եւ անոնց վստահութիւնը` մանկամսուրիանձնակազմին նկատմամբ, որուն համար յայտնեց մեծագոյն շնորհակալութիւն: “Ալիս Ներկիզեան” մանկամսուրը այս տարիհիւրընկալեց 1-էն 3 տարեկան 60 փոքրիկներ, յանձն առնելով անոնց  հոգատարութիւնը ամենօրեայ դրութեամբ:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին կարեւոր քայլեր պիտիկատարուին Ներկիզեան մանկամսուրի ծառայութիւններուն բարելաւման ուղղութեամբ: Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ փոքրիկներուխնամատարութեան օրը պիտի երկարի, որպէսզի ծառայութիւնը աւելի յարմարցուի մանաւանդ աշխատող մայրերու կարիքներուն:Ան աւելցուց, որ մանկամսուրի արձակուրդի օրերը պիտի հասցուին նուազագոյնի, ի խնդիր ծնողներու յարմարաւետութեան. Այսգծով ան մեծապէս գնահատեց անձնակազմի անդամներուն զոհողութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը` սեփական արձակուրդէնզիջելու գնով ծառայելու հաստատութեան եւ ծնողներու կարիքներուն:

Պարոն Կրէկուար Գալուստ մանկամսուրի արդիականացման բարերար տիկին Ալիս Ներկիզեանին կողմէ ողջունեց ծնողները եւգնահատեց անոնց կեցուածքը` իրենց փոքրիկները վստահելու հայ կրթական հաստատութեան խնամքին, հակառակ ամէն տեսակիդժուարութիւններուն: Ան շեշտեց, որ Մեսրոպեանը պարտք կը համարէ այդ վստահութիւնը փոխհատուցել իր ծառայութիւններըանընդհատ բարելաւելով, կրթութեան եւ խնամքի մակարդակը հետեւողականօրէն բարձրացնելով, եւ այդ բոլորը` ծնողներու հետբաց, թափանցիկ եւ պատասխանատու գործակցութեամբ ու հակառակ ամէն դժուարութիւններու:

Հանդէսին փոքրիկները ներկայացուցին 7 պարեր, արտայայտելով ֆիզիքական եւ մտաւոր աճի այն ուրախացնող չափը, որունհասած էին նաեւ մանկամսուրի աշխատակիցներուն ջանքերով: Աւարտին, մանկամսուրի տարիքը լրացուցած 40 փոքրիկներստացան իրենց կրթական կեանքի առաջին վկայականը, յառաջիկայ տարի սկսելու համար իրենց դպրոցականի կեանքը`մանկապարտէզին մէջ:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2019, 09:52