Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան 

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր հատորը ստացաւ յատուկ մրցանակ:

Դոկտ. Ճէպէճեանի հատորը ներկայացաւ եւ արժանացաւ որպէս լաւագոյն մրցանակի դափնեկիր՝ մեկնելով նոյն ընկերակցութեան աշխատանքային ծրագիրներու համար հաստատուած նպատակակէտերէն։

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ թէ իր Ընդհանուր Քարտուղար՝ Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեանի վերջերս լոյս տեսած Անգլերէն նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի Յանձնառութիւն՝ Հաւատքին, Յոյսին եւ Անձին Յայտնաբերումը» աշխատութիւնը ստացած է յատուկ մրցանակ որպէս լաւագոյն «Ծրագիր-Յայտագիր» ի հրատարակութիւն։
Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերակցութիւնները իրենց միջազգային համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Աթէնք, Յունաստանի մէջ, Յունիս 17-20, 2019 ին եւ որուն կը մասնակցէին աւելի քան երկու հարիւր ներկայացուցիչներ եւ որոնք կու գային հարիւր տարբեր երկիրներէ, Դոկտ. Ճէպէճեանի հատորը ներկայացաւ եւ արժանացաւ որպէս լաւագոյն մրցանակի դափնեկիր՝ մեկնելով նոյն ընկերակցութեան աշխատանքային ծրագիրներու համար հաստատուած նպատակակէտերէն։

2016ին, Միացեալ Աստուածաշուչի Ընկերակցութիւնները՝ իրենց համաշխարհային համաժողովին ընթացքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ հաստատեցին ութ կէտերէ բաղկացած աշխատանքային ծրագրային սկզբունքներ, որոնք յաջորդող տարիներուն ընթացքին հիմքը պիտի դառնային իւրաքանչիւր երկրի գրասենեակի աշխատանքներուն։ Եւ այս իմաստով, Դոկտ.Ճէպէճեանի հատորը ստացաւ այդ ծրագիրներէն առաջինին՝ «Կեդրոնանալ Յատուկ Հաւաքականութիւններու վրայ՝ Անոնց Կարգավիճակներուն ընդմէջէն», որ կ’ընդգրկէ Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումը ինչպէս գաղթականներու, տեղահանուածներու, անգրագէտներու, ֆիզիքական անկարողութիւններ ունեցող մարդոց, այլ հաւատքի պատկանողներու, օտարերկեայ աշխատաւորներու եւ սփիւռքեան գաղութներու մէջ ապրողներու պարագային։ Այս իմաստով Դոկտ. Ճէպէճեանի հատորը նկատուեցաւ որպէս լաւագոյն ծրագիր, որ կ՚ամբողջացնէր այս միջոցառումը եւ որուն հիման վրայ արժանացաւ առաջին մրցանակին:

Քաղուած  Հայերն այսօր կայքէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2019, 14:21