Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը Հանրապետութեան տօնի առթիւ:

Այսօր լաւագոյն հնարաւորութիւններն ունինք ապրելու ու զարգանալու սեփական հողի վրայ, երազելու ու մտածելու վաղուան մասին

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հանրապետութեան տօնի առթիւ:

Հայ ժողովուրդը այսօր կը նշէ դարերու պատմութիւն ունեցող իր պետականութեան վերականգնման տօնը` հայ ժողովուրդի պայքարն ու ձեռքբերումները, անկոտրում ոգիի յաղթանակը խորհրդանշող մեր Հանրապետութեան տօնը:

Հայկական ինքնութեան ձեւաւորման, հայոց պետականութեան կերտման ու կայացման ընթացքին հայ ժողովուրդի անցած ուղին հերոսական է ու փառաւոր` մեր կորուստները միայն ամրապնդած են մեր ապրելու ձգտումը, մեր միտքն ուղղուած եղած է ստեղծելուն, մեր ուժը` խաղաղութիւն հաստատելուն:

Երախտապարտ ըլլանք բոլոր այն մարդոց, որոնք 1918 թուականին կերտեցին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, 1920 թուականէն ի վեր` Խորհրդային Հայաստանը, իսկ 1991 թուականին կրկին ծնունդ տուին անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան, բոլոր անոնց, որոնք շուրջ երեք տասնամեակ պահպանած են ու կը պահպանեն զայն:

Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումն ու կայուն զարգացումը համազգային նշանակութեան խնդիր են: Իսկ համազգային խնդիրները կրնան լուծուիլ միայն համազգային ջանքերով` Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի ողջ կարողութիւնները ու ներուժը օգտագործելով:

Մենք պէտք է ձեւաւորենք Միասնական Ազգային օրակարգ` ընդհանուր կենսական նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունեցող գերակայ խնդիրներով ու առաջնայնութիւններով, մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ներգրաւուած ըլլայ ընդհանուր հարցերուն վերաբերող որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ:

Եւ այս առումով անգնահատելի է մեր երիտասարդութեան դերակատարումը: Այսօր ես առանձնայատուկ կը դիմեմ Հայաստանի, Արցախի, աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող մեր երիտասարդ սերունդին անկախ պետականութեամբ հայրենի հողի վրայ համախմբուելու կոչով: Այսօր լաւագոյն հնարաւորութիւններն ունինք ապրելու ու զարգանալու սեփական հողի վրայ, երազելու ու մտածելու վաղուան մասին, ամբողջացնելու Հայրենիքը որպէս միասնական գաղափար եւ որպէս զօրեղ ու կենսունակ պետական միաւոր: Մենք չենք կրնար մեզի թոյլ տալ բաւարարուել մեր ձեռքբերումներով, այսօր մենք պատմական հնարաւորութիւն ունինք բարելաւելու մեր երկիրը, նպաստելու մեր հայրենիքի հզօրացման եւ, աւելի քան երբեք, այսօր մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք միասնաբար` Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի եռապատիկ ուժն ու հնարաւորութիւնները ծառայեցնել Հայաստանին:

Շնորհաւոր բոլորիս տօնը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ: Խաղաղութիւն, յաղթանակ ու յաջողութիւն բոլորիս ու իւրաքանչիւրիս, մեր երկրին, մեր ժողովրդին, իւրաքանչիւր ընտանիքի, իւրաքանչիւր քաղաքացիի։ Վստահ եմ, որ մեր պետականութեան գալիք հարիւրամեակներու պատմութիւնը պիտի արձանագրէ հայ ժողովուրդի միասնութեամբ ու ստեղծագործ աշխատանքով ձեռք բերուած նոր յաջողութիւններն ու յաղթանակները:

Աստուած բոլորիս պահապան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2019, 08:18