Մեսրոպեան Վարժարանի սաները կը նշեն Մայիս 28-ը Մեսրոպեան Վարժարանի սաները կը նշեն Մայիս 28-ը 

Մայիս 28-ի տօնը՝ Մեսրոպեանի մէջ:

Հայ ժողովուրդը պիտի ամրապնդէ այսօրուայ Հայաստանը` ի խնդիր մեր անկատար մնացած տենչերուն, եւ իրականութիւն դարձնէ Միացեալ Հայաստանի երազը, որուն համար հազարաւորներ նահատակուեցան` Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ:

Մայիս 27-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնը, ոգեկոչելով յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը` վերահաստատելու անկախ պետականութիւնը մայր հայրենիքին մէջ:

Վարժարանի շրջափակին մէջ կայացած հանդիսութինը բացուեցաւ Հայաստանի քայլերգով, կատարողութեամբ «Ծիծեռնակ» երգչախումբին:

Բացման խօսքին մէջ 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Քարլա Քեշիշեան ըսաւ. “ցեղասպան թուրքին դէմ տարուած Մայիսեան յաղթանակներով` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ, 28 Մայիս 1918-ին կը ստեղծուէր անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, որ հայ ժողովուրդը կը հանէր դարերու իր ստրկութենէն, կը վերականգնէր անոր արժանապատուութիւնը, զայն կը դարձնէր ինքնիշխան եւ կ’ապահովէր անոր գոյատեւումը հայրենի հողին վրայ։ Մայիս 28-ով հայ ժոլովուրդը կ’ապացուցէր, որ անկախութեան հասնելու համար պէտք է վստահիլ միայն սեփական ուժին եւ յոյս չդնել օտարին վրայ”:

Գեղարուեստական բաժնով «Ծիծեռնակ» երգչախումբը կատարեց «Հզօր բանակ» երգը, Արտա Ներսէսեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի “Մենք քիչ ենք բայց հայ ենք” քերթուածը, իսկ 7րդ - 8րդ դասարանի աշակերտները` Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կարմիր, Կապոյտ, Նարնջագոյն» քերթուածը:

Փակման խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէ պրն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը պիտի ամրապնդէ այսօրուայ Հայաստանը` ի խնդիր մեր անկատար մնացած տենչերուն, եւ իրականութիւն դարձնէ Միացեալ Հայաստանի երազը, որուն համար հազարաւորներ նահատակուեցան` Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ “Սարդարապատ” յաղթերգով:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2019, 09:17