Փարիզի Աստուածամօր տաճարին վերականգնման համար հարիւրաւոր միլիոն տոլար կը նուիրուի
15 Ապրիլի երեկոյեան, Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ սկսած հրդեհը կարելի եղաւ մարել 16 Ապրիլի կանուխ ժամերուն: Հրշէջները կը շարունակեն զովացնել տաքցած կառոյցները, որպէսզի հրդեհը չվերսկսի:
Կարելի եղաւ փրկել տաճարին հիմնական կառոյցը: Հրդեհը մեծ վնաս հասցուց տաճարի տանիքին եւ քանդուեցաւ անոր կեդրոնը գտնուող սրածայր աշտարակը: Հրդեհը մարելու աշխատանքներուն ընթացքին առնուազն մէկ հրշէջ վիրաւորուեցաւ: Կարելի եղաւ տաճարէն դուրս բերել Փշէ պսակը, որ կը կարծուի, թէ խաչելութենէն առաջ եղած է Յիսուսի գլխուն:
16 Ապրիլին, դրամահաւաք սկսաւ տաճարի վերականգնման աշխատանքներուն համար եւ ցարդ մօտաւորապէս 700 միլիոն տոլար խոստացուեցաւ, գլխաւորաբար երեք միլիառատէր ֆրանսացի ընտանիքներու կողմէ: Դրամահաւաքին մասին յայտարարած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն՝ նշելով, որ Աստուածամօր տաճարը «ֆրանսացիներուն պատմութիւնն է, գրականութիւնը եւ հոգիին մասնիկը»:
Իշխանութիւնները կ՛ենթադրեն, որ հրդեհը 850ամեայ տաճարին մէջ տարուող վերանորոգման աշխատանքներուն կ՛առնչուի: Անոր իսկական պատճառը բացայայտելու համար՝ կազմուած է մասնագէտներու 50 հոգինոց մարմին մը։
Քաղուած «Ասպարէզ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ