Հայերէն լեզուով Վիքիփեդիա Հայերէն լեզուով Վիքիփեդիա 

Հնդկաստանի մէջ վերականգնուեցաւ 300 տարեկան Հայկական ցուցանակ մը

«Փետրուարին, 20 հոգինոց խումբ մը այցելեց քաղաք եւ տեսաւ ցուցանակը», ըսաւ Չեննայի մօտ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Շիւկումար Իշվարան եւ նշեց, որ ցուցանակը գրեթէ անցած էր գետնի տակ:

Վերջերս, Հնդկաստանի Սայտապետ քաղաքին մէջ վերականգնուեցաւ 300 տարուան հայկական ցուցանակ մը, հաղորդեց «The Times of India» թերթը:
Ցուցանակը, որ կը յիշատակէ 1726ի Մարմալոնկ կամուրջի կառուցումը Այտար գետին վրայ՝ հայ վաճառական, Մատրասի մէջ հայ համայնքի առաջնորդ Խոճա Պետրոս Ոսկանի կողմէ, յայտնուած էր գետնին տակ: Սակայն այժմ, Հայաստանի հիւպատոսարանը, քաղաքի ղեկավարութեան հետ միատեղ ջանքերով կրցաւ վերականգնել զայն իր նախնական տեղը:
«Փետրուարին, 20 հոգինոց խումբ մը այցելեց քաղաք եւ տեսաւ ցուցանակը», ըսաւ Չեննայի մօտ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Շիւկումար Իշվարան եւ նշեց, որ ցուցանակը գրեթէ անցած էր գետնի տակ:
Նախորդ շաբաթ, արդէն ցուցանակը վերականգնուեցաւ վերամբարձ կռունկի միջոցով: Կը նշուի, որ ցուցանակի բացման պաշտօնական արարողութիւնը պիտի կատարուի Մայիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն ետք:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2019, 08:22